ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը 2010 Յունիսին կազմած է 7.1 տոկոս, որ նախորդ ամսուան համեմատ մնացած է նոյնը: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ հանրապետութեան մէջ կայ տնտեսապէս գործուն 1 միլիոն 187 հազար մարդ, որոնց մէջ աշխատանք ունեցողները կը կազմեն 1 միլիոն 103 հազար: Պաշտօնապէս արձանագրուած գործազուրկներուն թիւը 84 հազար 600 է, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ ցուցանիշը կազմած է 79 հազար 100:
Յունուար-Մայիս ամիսներուն՝ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը Հայաստանի մէջ կազմած է 103 հազար 544 դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.