«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ թրքական կողմը Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ հետազօտական աշխատանքներ կը կատարէ։ Իգտիրի նահանգապետարանին հրահանգով, Էրզրումի շրջանային ճանապարհային վարչութեան պատուիրակութիւնը հետազօտական աշխատանքներ սկսած է իրականացնելու «Ալիշան» անցակէտի 6 քմ. հատուածին վրայ, ինչպէս նաեւ սահմանին վրայ գտնուող կամուրջի տարածքին։
Յուլիսի սկիզբը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր հարցում մը ուղղած էր Կարսի եւ Իգտիրի նահանգապետարաններուն, թէ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման պարագային, որքա՞ն ժամանակ հարկաւոր է անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներուն համար: Ի պատասխան ուղարկուած հարցումին, Կարսի նահանգապետ Ահմետ Քարա յայտարարած էր, որ մէկ ամսուան ընթացքին կարելի է կատարել անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.