ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Իրաւագէտներու միութեան անդամները Երկուշաբթի, Օգոստոս 2ին, Ֆեներպահչէի բանակատան առջեւ ցոյց մը ըրին ու սպայակոյտի նախագահութենէն պահանջեցին, որ վերջ տրուի «Լախտի հարուած» ծրագիրի հեղինակները պաշտպանելու դիրքորոշումին։
Ցուցարարները բողոք ներկայացուցին սպայակոյտի նախագահութեան դէմ ու ըսին, որ եթէ մէկու մը դէմ ձերբակալման որոշում յայտարարուած է, ապա յանցագործութիւն է այդ անձը պաշտպանելը։
Իրաւագէտները սպայակոյտի նախագահութիւնը հրաւիրեցին իրաւագիտական սկզբունքները յարգելու ու վերադարձնելու այն ամբաստանեալները, որոնք ներկայիս բանակատան մէջ կը թաքցուին։
Հակառակ այն իրողութեան, որ ձերբակալման որոշումի թուականէն աւելի քան տասը օր անցած է, տակաւին ձերբակալութիւն չէ կատարուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.