Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը, գիտակցելով պահի լրջութիւնը, արագ շարժեցաւ ու անմիջական քայլեր ձեռնարկեց՝ ցոյց տալու համար ժողովուրդին, որ անդրադարձած է բանակի մէջ ոչ-առողջ երեւոյթներու առկայութեան եւ պատրաստ է միջոցներ ձեռք առնելու՝ վերացնելու համար զանոնք:
Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի երէկուան նիստը առաջին քայլը պէտք է դառնայ հայկական զինեալ ուժերու ներքին բարոյահոգեբանական մթնոլորտը առողջացնելու համակարգուած միջոցառումներու շարքին, որոնց իբրեւ արդիւնք պէտք է այդ կենսական կարեւորութիւն ունեցող կառոյցին մէջ արմատախիլ ըլլան խորհրդային ժամանակներէ ժառանգուած յոռի բարքերը եւ սպայ-շարքային զինուոր յարաբերութիւններու նոր կարգ մը հաստատուի, ուր տիրապետողը ըլլայ փոխադարձ յարգանքը, բարձր կարգապահութիւնը:
Մթնոլորտի առողջացման հիմնական գործօններէն կրնայ ըլլալ բանակի մէջ հայրենասիրական դաստիարակութեան խորացումը, անոր հարստացումը մեր անցեալի յեղափոխական, ֆետայական ազնուագոյն աւանդութիւններով:
Առողջացման գործընթացը արդիւնաւէտ դարձնելու համար, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ բանակի հրամանատարութեան, ամբողջ պետական համակարգին եւ ժողովուրդին մէջ կաշառակերութեան հանդէպ անհանդուրժողութեան կեցուածքը հզօրացնել:
Երէկ, նախարար Օհանեան առաջին ազդանշանը տուաւ խնդիրները բացայայտելու եւ լուծումներ փնտռելու գործընթացի սկզբին: Կը յուսանք, որ այս գործընթացը ժամանակ շահելու, հանրային լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակ չէ, որ կը հետապնդէ: Կը յուսանք, որ այս գործընթացը չի բաւարարուիր կիսամիջոցներով ու ձեւական քայլերով: Պատերազմի մշտական սպառնալիքի տակ ապրող Հայաստանը չի կրնար պատահականութեան ձգել իր զինեալ ուժերու ղեկավարումը: Թշնամին չարախնդօրէն կը հետեւի ու ամէն ձեւով կը փորձէ գործածել ցաւալի երեւոյթները՝ իր զինուորներուն յոյս ներշնչելու, հայկական բանակի անխորտակելիութիւնը կասկածի ենթարկելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.