
ԵՐԵՒԱՆ, «Մարզիկ».- Աշխարհի 18 երկիրներէ Բիւրական ժամանած 560 սկաուտները արցունքոտ աչքերով փակումը կատարեցին ՀամաՀՄԸՄական 9րդ բանակումին։
Բանակումի վերջին երկու օրերուն անոնք անմոռանալի պահեր անցուցին՝ այցելելով Սեւանայ լիճ, նաեւ խումբերու բաժնուելով այցելեցին Գառնի, Գեղարդ, Խոր Վիրապ, Նորավանք, Սաղմոսավանք, Մուղնի, Օշական, Հաղբատ եւ Սանահին։
Փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 Օգոստոս 2010ի յետմիջօրէին՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Արտաշէս Շահպազեանի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգորիս Պողարեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարպիս Գապասագալեանի, Միհրան Շիմշիրեանի, Յարութ Յարութիւնեանի եւ Քարլոս Սէֆէրեանի։
Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց բանակումի հերթապահ Ռոմանոս Պետրոսեան եւ հրաւիրեց բանակումի փոխխմբապետ Թալին Օրտողլեանը՝ ներկայացնելու զարգացման մրցումին արդիւնքները։ Առաջին դիրքը գրաւեց Երուսաղէմի Մեկուսի շրջանը, երկրորդ դիրքը՝ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, իսկ երրորդ դիրքը՝ Լիբանանի շրջանը։
Ապա բանակումի հերթապահ Ռոմանոս Պետրոսեան հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեանը՝ «Արարատեան կարգ»ի տուչութիւն կատարելու համար։ Կ. Գապասագալեան յայտնեց, որ միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛իրագործուի «Արարատեան կարգ»ը եւ հրաւիրեց Ալին Պաղտասարեանը (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն), Թալին Հինտոյեանը (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն), Ռոմանոս Պետրոսեանը (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿէն), Յակոբ Չպլաքեանը, Ժանօ Քեչեճեանը (Լիբանանէն), Յարութ Պաղամեանը, Ռուբէն Նալպանտեանը (Երուսաղէմէն), Ակուսթին Անալեանը (Հարաւային Ամերիկայէն) եւ Աւետիս Տերվիշեանը (Սուրիայէն) բեմ՝ ստանալու իրենց վկայագիրներն ու մետալները։ Ծափողջոյններով անոնք բարձրացան բեմ, ուր Կեդրոնական վարչութեան անդամները կատարեցին «Արարատեան կարգ»ի տուչութիւնը։
Ապա, մասնակից պատուիրակութիւնները իրենց յուշանուէրները յանձնեցին Կեդրոնական վարչութեան, բանակումի խմբապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան։ Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց մասնակից պատուիրակութիւններուն ու բանակումի խմբապետական կազմին։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի գործավարութեան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի աշխատակից Սեւան Նազարեանին, բանակումի խոհանոցային բաժինը ստանձնած Յարութ եւ Այտա Մատենեաններուն, ինչպէս նաեւ բուժօգնութեան պատասխանատուներուն։
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան շնորհաւորեց մասնակիցները բանակումին հեզասահ ընթացքին համար՝ նշելով, որ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի անդամները միշտ պատրաստ են սփիւռքահայ իրենց հայրենակիցները հիւրընկալելու Հայաստանի մէջ։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բանակումի խմբապետական կազմին եւ յատկապէս բանակումի ընդհանուր խմբապետ Օշին Փիրումեանին, որուն յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել ՀամաՀՄԸՄական 9րդ բանակումը։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետ Օշին Փիրումեան խօսք առնելով նշեց որ բանակումի սկիզբը կոչ ուղղած էր իրականութեան վերածել «Գործենք միասնաբար» նշանաբանը, եւ մասնակիցները՝ գիտակից նշանաբանին, անվերապահ աջակցութեամբ ապահովեցին բանակումին յաջողութիւնը։ Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄական բանակումներու պատմութեան մէջ աւելցած է գեղեցիկ նոր էջ մը, ուր ամփոփուած եւ մարմնաւորուած են 18 երկիրներէ համախմբուած հայ երիտասարդներուն աշխատանքը, յուշերն ու իղձերը՝ աւելցնելով, որ այս բոլորին հեղինակները մասնակիցներն են իրենց նուիրուածութեամբ, սկաուտական ոգիով եւ խանդավառութեամբ։
Օ. Փիրումեան նշեց, որ 560 սկաուտները բանակումի ընթացքին տարբեր աշխատանքներու մասնակցած են, յաղթահարած են զանազան փորձութիւններ, մարզած են իրենց միտքն ու մարմինը եւ նոր ընկերներու ծանօթացած են։ Բաժանման պահը հասած է եւ ատիկա ամէնէն դժուար պահն է, ըսաւ Օ. Փիրումեան՝ յիշեցնելով սակայն, որ բոլորին սիրտերուն մէջ կը հնչէ «միայն ցտեսութիւն եղբարք, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրար կը հանդիպինք…»ը։
Օշին Փիրումեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն, որոնք անգնահատելի աջակցութիւն ցուցաբերեցին բանակումի խմբապետական կազմին։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ խմբապետական կազմի մնացեալ ութ անդամներուն, առանց որոնց նուիրուածութեան ու գործուն մասնակցութեան կարելի չէր յաջողցնել բանակումը։ Փիրումեան բանակումի մասնակիցներուն անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց բանակումի խոհանոցի պատասխանատու կազմին՝ Յարութ եւ Այտա Մատենեաններուն, որոնք անշահախնդրօրէն իրենց եռանդն ու ժամանակը տրամադրեցին գործի յաջողութեան համար։ Շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Կարմիր խաչի կամաւորներուն, որոնք բանակավայրին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղան բանակումի ամբողջ տեւողութեան։

Վերջին բաժինով Օ. Փիրումեան նշեց, որ բանակումը առիթ եղաւ բոլորին՝ հայրենիք վերադառնալու։ Ան յոյս յայտնեց, որ այսպիսով իրենց սէրը հայրենի հողին նկատմամբ աւելի ամրանայ եւ պատճառ դառնայ, որ անոնք կրկին ու կրկին վերադառնան հայրենիք։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի խօսքը արտասանեց Արտաշէս Շահպազեան։ Ան ողջունեց մասնակիցներուն ներկայութիւնը հայրենիքին մէջ եւ նշեց, որ իրենք են ապագան, որուն շնորհիւ հայրենիքը կը բարգաւաճի ու կը յառաջանայ։ Ան շեշտեց սփիւռք-Հայաստան անքակտելի կապերու իրողութիւնը՝ նշելով, որ միասնաբար կարելի է իրագործել զանազան նպատակներ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի կողմէ Ա. Շահպազեան շնորհաւորեց բանակումը կազմակերպողները, իրագործողներն ու մասնակիցները՝ նշելով, որ հայրենիքը միշտ կը սպասէ բոլորին։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան։ Ան նշեց, որ հրաժեշտի պահը հասած է, սակայն սոսկական բանակումի թիւ մը չէ, որ կ՚աւելնայ նախորդներուն վրայ, այլ բանակում, որ առաւել կենսունակութիւն տուած է միութեան եւ վերանորոգած ՀՄԸՄական ուխտը, վերահաստատած հայրենիքին նկատմամբ սէրն ու հաւատարմութիւնը եւ վերարժեւորած սկաուտին դերը։ Գ. Պողարեան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն բոլորը պիտի վերադառնան իրենց տուները՝ աւելի հմտացած սկաուտական գիտելիքներով եւ շատ աւելի հայացած։ Ան շեշտեց, որ այդ է արդէն ՀՄԸՄին առաքելութիւնը՝ հայացնել, իմաստային ամբողջ խորքով հայացնել յաջորդական սերունդները։
Գ. Պողարեան հաստատեց, որ ՀամաՀՄԸՄական 9րդ բանակումը պատմութեան պիտի անցնի նաեւ տարիներու երազի մը իրականացումով՝ «Արարատեան կարգ»ի տուչութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խմբապետ-խմբապետուհիներ ամբողջացնելով «Արարատեան կարգ»ի պայմանները ստացան համապատասխան մետալ եւ վկայագիր։ Գ. Պողարեան նշեց, որ «Արարատեան կարգ»ը ցուցանիշ չէ փառքի, այլ պարզապէս հաստատական մըն է, թէ ենթական իր «աղքատի լուման» զետեղած է ազգապահպանումի եւ ազգակերտման գանձանակին մէջ։
Գրիգորիս Պողարեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հայրենի պատկան նախարարութիւններուն՝ իրենց տածած հոգածութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումի ծրագրաւորումին եւ գործադրութեան մասնակցող բոլոր սկաուտներուն անխտիր։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են ՀՄԸՄ-ին, որ դարձաւ երկրորդ ծնողք եւ երկրորդ դպրոց։ Իսկ վերջին շնորհակալական խօսքը ուղղեց բանակումի մասնակիցներուն, որոնց գործակցութեամբ բանակումը աւարտեցաւ յաջողութեամբ։
Ապա, տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄական 9րդ բանակումի դրօշակի վերջին արարողութիւնը, որմէ ետք բանակումի դրօշը փոխանցուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեանին, որ իր կարգին մասնակիցներու ծափողջոյններուն վրայ բանակումի դրօշը յանձնեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ Օշին Փիրումեանին։
ՀամաՀՄԸՄական 9րդ բանակումը պատմութեան յանձնուեցաւ իւրայատուկ եւ յուզիչ յիշատակներով, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։ Ապա հնչեց «Ցտեսութիւն մըն է եղբարք, միայն ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ…»ը։