ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Սիրելի Միհրան,
Ազնիւ դասընկեր,
Մահուանդ քառասունքին առիթով, երգիծական այս կտորը կը նուիրեմ անմեռ յիշատակիդ։ Թող հողը թեթեւ գայ ուսերուդ։ Գացի՛ր՝ միանալու քեզի մտերիմ, բարի ոգիներուն, որոնց օգնութեամբ ամոքեցիր մարդոց ցաւերը։
Շէյխը մեր թաղին ամէնէն վարպետ ձեռք ունեցող փռապանին միջնեկ որդին էր, ու իմ դասընկերը։ Եւ հակառակ ինծի վերագրուած առանձնաշնորհեալի վիճակին, ես ալ երկրագունդի ոեւէ բնական արարածի նման, դպրոց գացեր եմ, մանկապարտեզէն մինչեւ նախակրթարան, բայց խնդրեմ մի հարցնէք, թէ տնտեսական ի՞նչ ողորմելի պայմաններու տակ։
Այո՛, իրաւունք ունիք Դպրեվանք չեմ յաճախած եւ Օշականին ալ չեմ աշակերտած, սակայն բաւականաչափ գրաճանաչ դարձեր եմ ու բնական է, որ ընթացքին ունեցած եմ դասընկերներ ալ, որոնց հետ խաղացեր եմ ու երբեմն ալ՝ չարութիւններ ըրած։
Այդ չարաճճի տղաքը այժմ սպիտակահեր պապիկներ դարձած են ու իրենց հասակին զաւակներով շրջապատուած։
Իմ դասընկերներս ալ, ջրապտոյտի բռնուած միւս սփիւռքահայերուն նման, աշխարհի չորս անկիւնները տարտղնուեցան, Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Ափրիկէ, ու Արապստանէն մինչեւ Թիւրքմէնիստան, Սառուցեալ գօտի ու Հապէշիստան։
Ընկերներէս ետ չմնալով՝ կանուխէն պանդուխտի ցուպը շալկելով՝ Լիբանանէն հեռացայ ու Սեւ Ցամաքամասը կայք հաստատեցի…
Այդ հեռանալս եղաւ։
Հինգ վեց տարին անգամ մը, արձակուրդով Լիբանան կ՛իջնէի ու շուկայի վրայ ծանօթ անուն դարձած դասընկերներուս այցելելու բերկրանքը կ՛ապրէի… Սակայն Շէյխին պարագային, տարիներու ընթացքին, մեր յարաբերութիւնները բոլորովին տարբեր տարածք ու հանգամանք ստացան։
Միտքերու մէջ շփոթ չստեղծելու համար տեղին է նշել, որ Շէյխը արաբ չէ, քիւրտ ալ չէ, մահմետական ալ բնաւ չէր կրնար ըլլալ… այլ՝ հայ, հայու զաւակ էր ու… փռապանի տղայ։
Երբ տակաւին Շէյխ Մըրճան մեզի պէս «զաւալլը» ու «փերուշան», այսինքն՝ պարզ անհատ մըն էր, ու արտամոլորակային էակներ՝ ոգիներու կերպարանքով անոր չէին այցելած, եւ դեռ բնազանցական կարողութիւններ եւ յստակատեսութիւն չէին փոխանցած անոր, ապագայ Շէյխը, Միհրան անունով՝ մեր թաղին լաւ տղաներէն էր։ Դրկից եղած էինք, նաեւ՝ դասընկեր ու խաղընկեր:
Թէեւ մեր դպրոցական օրերուն, զուլում հայրերու եւ բռնակալ ճիզուիթ հոգեւոր հայրերու բանեցուցած զինուորական «տիսիփլին»ը, սկաուտական շարժումին բերած ծառայասիրական գերազնիւ գաղափարները քրիստոնէական գիտակցութեամբ ու շնորհներով զարդարած էին մեր սերունդի տղաքը, մեզի միայն հրեշտակի երկու թեւեր կը պակսէին… Կիրակնօրեայի՝ «մենք կ՛ուզենք հրեշտակ մ՛ըլլալ»ու գոյավիճակին հասնելու…»: Այո, Շէյխ Մըրճանի այս «զավալլ»ը դասընկերը համոզուած էր հրեշտակային բարութեան մատչած ըլլալուն, մինչեւ որ օր մը երկու լայնքս ու կրկնակի քաշս պտտցնող նախկին դասընկեր մը, իմ եւ ՇԷյխ Մըրճանին շրջապատը յայտնուեցաւ… Ամերիկեան մեր առաջին տարիներն էին, երբ գիշերային վայր մը, նախկին դասընկերներով յուզախառն պահեր կ՛ապրէինք։
«Բարեւ, Աստուծոյ բարի»ի փոխարէն՝ ասփերինի պէս թթուած երեսով ու աջ ցուցամատը ձախող պատուելիի նման օդը շարժելով՝
«Քիւփե՛լ,» ըսաւ, կռուազան ձեւով մատը շարժելով. «դուն դեռեւս չճանչնաս զիս, բայց ես իմ մանկութեանս քու ի՜նչ ծեծերդ կերած եմ… դեռ երեկուան պէս կը յիշեմ», գոչեց։
Պահ մը վերէն վար անոր աժդահայի հասակն ու կազմը չափեցի, մարմինէս դող անցաւ։
– Դպրոցական օրերուս ես մէկու մը վրայ ձեռք չեմ բարձրացուցած, ի բացառեալ ինքնապաշտպանութեան պահերէն, – ըսի սարսափահար։
Աժդահան, երիտասարդ կնոջը մեղսակից ակնարկ մը նետեց ու անայլայլ շարունակեց.
– Պարոնը անշուշտ չի յիշեր… ո՞ր մէկը յիշէ, վստահ եմ զոհերուդ համրանքն ալ կորսնցուցած ես:
Աղաչական Շէյխ Մըրճանին նայեցայ. ան ալ չէզոք դիրք մը որդեգրելով՝ երկիմաստ գլուխը շարժեց… «Ստոյգ ծեծը կերանք…», խորհեցայ, ու ակնթարթի մը մէջ բռունցքներս պրկեցի։ Բայց հակառակ իր «զրըլթը ղըլըֆըթ»ին, բարեկամս դուրս ելաւ, կ՛երեւի խորաչափեց հետեւանքը… երբ մարդուս աչքին «չիրիշը» մէկ անգամ կտրեր ես, դժուար է որ անիկա մէյ մըն ալ յանդգնի գլուխը վերցնել… կ՛երեւի դեռ կը վերյիշէր կռիւի մէջ ի՛նչ գազան ըլլալս…
Իբրեւ բանական մարդ, այդ երեկոյեան հասայ ծանրակշիռ այն եզրակացութեան, թէ կեանքի մէջ այնքան ալ կարեւոր չէ դուն քու մասիդ կազմած կարծիքը. երբեմն մարդիկ իրենց երեւակայութեամբ ալ քեզմէ ծեծուած ըլլալլու պատրանքը կ՛ապրին… յատկապէս՝ սա գրական քննադատ կոչեցեալները… Դժուար է «ֆանթեզի»ներու աշխարհին մէջ տուայտող Տոն Գիշոթներու դէմ սուր ճօճել։ Դասընկերս կը թուի, թէ իր «ֆանթեզի»ն, իր երազը տարիներ ետք սկսած էր իրականութեան հետ շփոթելու:
Երբ նոր փաստերու տարափին տակ անճրկած՝ օգնութեան համար Շէյխ Մըրճանին կողմը դարձայ՝
«Սրիկային մէկը», ըսաւ ան մտերիմ շեշտով մը,- փարակ-մարակ բան մըն էիր, բայց «չեթին» կռուող էիր…»
Գալով մեր Շէյխին, իր ազիզ ժողովուրդին երեք կորիւններ պարգեւած է. Սոֆիա Լորենի նման գեղեցիկ կին ունեցողը, անշուշտ թէ կորիւններ կը ծնի… Իսկ իմ կողակիցիս հետ բաղդատած՝ Էլիզապէթ Թէյլըրը «խալթ» կերեր էր։ Ինչ որ է, Շէյխ Մըրճան, սուրճի «ֆինճան»ին մէջ Լիբանանի արիւնալի ապագան կարդալով, հոն կատարուող արհաւիրքէն փախչելով՝ ինքն ալ Կլենտէյլ ապաստանեցաւ։ Գործը՝ հոն, ինքը՝ հոս։ Ու Ամերիկան Դամասկոսի ճամբայ դարձնելով՝ գնաց, գնաց, եկաւ, մինչեւ «փաչաները» ճղէր:
Յետոյ, յանկարծ մեր տեսողութեան դաշտէն ու «ռատարէն» անյայտացաւ… Ըսին, թէ երկնային կոչում ստանալով՝ հին օրերու ճգնող մարգարէներու նման, անապատ քաշուեր է, ամբողջ քառասուն օր ուղտի կաթով սնանելու։ Այո, ամբողջ քառասուն օր, անդնդախոր քառայրի մը մէջ ինքզինք մահացումներու, խոկումներու, ծոմապահութեան, աղօթքի ու ճգնանքի նուիրեր է։ Շրջակայքը ապրող արաբ աւատապետի մը՝ Շէյխ Մուհհամետ Մէյտանի, 18 ամեայ դուստրը, որուն կտրիճ նշանածը քաղաքացիական պատերազմին զոհուած էր, «կ՛երեւի երկինքի քառասուն հուրիները» նախընտրելով՝ կրակ ու բոց արաբ սա դիցուհիէն ինքզինք բառացիօրէն «թոփի բերան» կը նետէ։ Գեղուհին ամէն իրիկնամուտին հացի հանգանակ մը եւ կաւէ ամանի մէջ ուղտի թարմ կաթ կը բերէ սենկրեկուարցի հայ «միսթիք»ին։
«Խրբօ» նշանածէն հիասթափուած աղջիկը, ոտքով, գլուխով մեր Միհրանին կը նուիրուի…: Սա ալ աւելցնեմ, որ օր մը օրանց, մեզի այդպիսի բախտ չէ պատահած… ես քիչը ըսեմ, դուք շատը հասկցէք…: Ու շնորհիւ այդ աղջկան անսակարկ նուիրումին, անապատցիներուն յարգանքին ու երկիւղածութեան կ՛արժանանայ մեր ընկերը, եւ անոնց ցեղապետները «Շէյխ Մրճան» կը կնքեն քարայրաբնակ ճգնաւոր հայը։ «Իշթէ» բախտ կ՛ըսեն ասոր… Սակայն անապատի բնակիչները մօտէն կը լրտեսեն աղջկան կաթ տանիլ-բերելները, ու շշուկներ կը շրջին, թէ մեր բարեկամ հայածին շէյխը, հակառակ ժամանակին յայտնի «քազանովա» եւ «փլէյպոյ» մը եղած ըլլալուն, աղջկան մազին չի դպչիր, այլ ամէն օր զայն ծունկի բերելով՝ անոր մէջ բոյն դրած չար ոգիներն ու մեղաւոր մտածումները կը վտարէ։ Կ՛ըսուի, թէ Շէյխ Մըրճան կը նախընտրէ տանը, կոյսի մը տագնապով զինք սպասող հայածին Սոֆիա Լորենը…
Ենթադրենք, թէ Շէյխ Մըրճանին փոխարէն՝ թուլամորթ, հանած-վառած Սենկրեկուարցիի մը ժպտէր այդպիսի բախտ, ցեղապետին խեղճ աղջիկը քառասուն օրուան մէջ քառասուն անգամ… փորձութեան մէջ կը ձգէր։ Իսկ փոխարէնը, մեր Շէյխին ցուցաբերած զօրաւոր կամքին ու բարոյականութեան համար, վերուստ կը պարգեւատրուի մարդկութեան ցաւերը ամոքելու գերագոյն ուժով ու երկնային շնորհներով։ Եւ անապատի մէջ շշուկներ կը շրջին, թէ «նորօծ միսթիք՝ Շէյխ Մըրճան, տկար մէկ պահուն, եթէ հպէր կրկներեւոյթ դարձած զգլխիչ այդ կոյսին, ապա ակնթարթի մը մէջ այս վերջինը պիտի կերպարանափոխուէր՝ ատամները թափած 8Օամեայ վհուկի»:
Ա՛ռ քեզի «գլխու պելա» մը եւս։
Սրբակեացութեան եւ ժուժկալութեան քառասնօրեայ փորձութեան ճակատաբաց դիմադրելէ ետք, Մըրճան, մեծ պատիւներով Ամերիկա կ՛ուղեւորուի՝ Աստուածահաճոյ իր առաքելութիւնը շարունակելու։
Տարիներու բաժանումէն ետք, երբ բախտորոշ օր մը, պատահմամբ հանդիպեցայ ինքզինք ոգեկանչութեան նուիրած դպրոցական նախկին ընկերոջս, հրճուանքս չափ չունէր։ Ուրեմն, «Սեն Կրեկուար»ը միայն մասնագէտներ ու վաճառականներ, բժիշկներ ու մարդկութեան ցաւը ամոքող հոգեւորականներ, հայ մամուլի ու գրականութեան նուիրեալներ չէ տուած, անոնց շարքին նաեւ՝ բարի ոգիներու օգնութեամբ չար ոգիները վտարող միսթիքներ…
Մեր բարեկամին Աստուածատուր մասնագիտութիւնը կը հանդիսանար վերը նշուած «միտիւմ»ի միջոցով, չարերու դէմ բարի ոգիներու հաշւոյն կատարած «զոփփաճի»ութիւնը։ Շատ չանցած, անոր հռչակը տարածուեցաւ ծովերէն ու ովկիաններէն անդին, եւ ոգիներէ հալածուողներու նախասիրած «միսթիք»ը դարձաւ անիկա։
Գլուխ քերելու ժամանակ չունէր… Յատկապէս Հայաստանէն արտագաղթողները, կարծես սիրուած թիրախը կը դառնային չար ոգիներուն։
Օր մըն ալ պէյրութահայ հին ծանօթ մը, իր «փրոպլեմները» շալկած՝ գործատեղիս մտաւ։ Տասնամեակներէ ի վեր իրարու հետքը կորսնցուցած էինք։ «Բարեւ, Աստուծոյ բարի»էն ետք բարեկամս հարց տուաւ, եթէ անձամբ ծանօթ էի մի ոմն՝ Շէյխ Մրճանի, եւ անոր բնակարանի հասցէին։
Թէ չէ դուն ալ ոգիներէ կը հալածուիս կոր,- հարց տուի նորայայտ բարեկամիս։
– Չէ, պապամ չէ, սակայն այն ստապատիր ամբաստանութեամբ, թէ՝ շահածս ձիարշաւի խումարի կը դնեմ կոր, կինս գնաց, աղանդաւոր դարձաւ…
Աղանդաւորները չար ոգիներէն աւելի վտանգաւոր են. չեմ գիտեր եթէ Շէյխը անոնց հետ գլուխ կարենայ հանել…
– Ինչ կ՛ըլլաս, պարոն Պօղոս, խօսիր ընկերոջդ հետ, այդ սրիկաներուն երեսէն ընտանիքս «տարմա տաղըլ» պիտի ըլլայ ու քայքայուի, եւ մենք իրարմէ պիտի բաժնուինք:
– Հայոց եկեղեցին կեցած տեղը ինչո՞ւ այդ «շարլաթաններուն» դիմեր է որ:
Կնկայ կարճ խե՛լք… իբր թէ անոնց օգնութեամբ՝ ձիարշաւէն ոտքս քաշել պիտի տայ… թող նախ իրենց անպատիւ քարոզիչները իրենց ոտքերը, մեղա՜յ, մեղա՜յ, բոզանոցներէն քաշեն. օր չկայ, որ աղանդաւոր պատուելի մը նեխած կացութեան մէջ չյայտնուի…
Հեռաձայնեցի Շէյխին։
– Ղրկէ՛ եթէ հաւատացեալ մէկն է, պատասխանեց ան ինքնավստահութեամբ,- եւ գիտցէք, որ այդ աղանդաւոր կոչուած պոչաւոր սատանաները պատէ պատ պիտի զառնեմ, որ ուրկէ գալերնին պիտի չիմանան:
– Ինչ կ՛ըլլաս, կարելիդ ըրէ՛,- խնդրեցի դասընկերոջմէս, լուրջ հարց է, մարդուն կինն ու զաւակները օտարացուցեր են այդ խայտառակները։
Հասցէ ու հեռաձայնի թիւ վերցնելով՝ մեկնեցաւ խնդրարկուն։ Մի քանի շաբաթ չերեւաց։ Ես ալ ենթադրեցի, որ քաջութիւնը պակսեցաւ անոր՝ ոգիներու հետ երես երեսի գալու։ Օր մըն ալ գոհունակ մարդու արտայայտութեամբ վերադարձաւ.
– Խեր ըլլայ, ի՞նչ է։
– Շէյխին քովէն կու գամ կոր:
– Ինծի ինչու իմաց չի տուիր:
– Նախընտրեցի առանձին երթալ՝ գրող մարդու բերանդ չիյնալու համար։
Այդքան վտանգաւոր ըլլալս չէի գիտեր: -Ծօ՛ անպիտան, չէ որ սկիզբը առաջարկեցիր որ հայերէն թերթերու մէջ յօդուած գրէի, «աղանդները մեր հայ ընտանիքները կը քանդեն կոր…» շլացուցիչ թեմայով։
– Կը ներես, գաղտնի հարցեր կային, ուզեցի առանձին մնալ Շէյխ Մըրճանին հետ: Տակաւին կ՛ըսեն թէ գրողները խոստումնադրուժ սրիկաներ են… «պելէ մաանա»:
– Կինս ալ այդպէս կը կարծէ:
– Եկուր կինդ չխառնենք, այս պահուս իմս է խնդրոյ առարկան։
– Յուսամ գոնէ Շէյխ Մրճանէն գոհ մնացիր…
– Այո, գործին մարդն է, ըսաւ երկիմաստ շեշտով, կարծես այդ չար ու բարի կոչեցեալ ոգիներուն հետ «քոնթրաթ» ստորագրեր է, կամ անոնց հետ ժամանակին դպրոցը «կիւլլէ», գնդի՛կ խաղցեր է։ Առանց կենալու, «քէյֆ»ին համեմատ, աջին-ձախին հրաման կ՛արձակէ կոր, այդ հայվաններն ա՛լ, մեղա՜յ մեղա՜յ, առանց մտածելու, օտար լեգէոնականի պէս կուրօրէն կը հետեւին կոր Մըրճան կոչուած էֆենտիին հրամաններուն։
Այդ տղան, դպրոցական օրերէն հասուն դիւանագէտի պէս կը շարժէր, հիմա ալ այդպէս կոչուած՝ ոգիներուն հետ, լեզու գտեր է: Պրավօ՛։
Ակա՛ս, «շաթըր մէյ մութ», կ՛ըսէ արաբը։ Ամմա թող երթայ նախ եւ առաջ մեր կիներուն հետ լեզու գտնէ:
– Չէ՞ որ խօսք տուինք՝ կիները պիտի չխառնէինք:
– «Իշտէ» մէյ մը բերաննիս այրեր է:
– Բարեկամ, յստակ չըսիր, թէ շէյխ Մըրճանէն գոհ մնացի՞ր, օգտուեցա՞ր անկէ, թէ ոչ։
– Շիտակը, տուած «սերվիս»էն գոհ մնացի, ամմա ինչո՞ւ մէղքս պահեմ, արտաքինը «խօշիս» չգնաց, ու կերպով մը զիս յուսախաբ ըրաւ… Աւելի շատ պատուելիի կը նմանի, քան այդ մեր գիտցած շէյխերուն, որոնց քրտինքին հոտը մէկ քիլոմեթր անդիէն կրնայիր քաշել:
– Կարեւորը արտաքին երեւոյթը չէ:
– Պարապ խօս՛ք. ես ալ ինչո՞ւ մեղքս պահեմ, ուրախ-ուրախ, արաբ շէյխի «ղլեֆեթ»ով «ֆալճի»ի մը հանդիպելու գացի, համրիչը ձեռքը, գորգին վրայ ծալապատիկ նստած, «տարտերուս տերման» եղող մէկու մը հանդիպելու։ Գոնէ գլուխը սուտէն «ակիլ» մը անցնէր եւ ուսին՝ «քեֆել»։ Եղբա՛յր, աշխարհը խոշոր բեմահարթակ մըն է եւ մարդիկ՝ դերակատարներ… Հոլիվուտի մերձակայքը կ՛ապրինք տարիներէ ի վեր, եւ դեռ բան մը չենք սորված ամերիկացիներու բեմական շնորհներէն:
– Լաւ, գոչեցի ինքնազուսպ, հաշուենք որ քու նմաններուդ հաճոյք պատճառելու համար, մարդը գլուխը «ակիլ» անցնէր ու «նարկիլէ»ն վառելով՝ պարսկական գորգի մը վրայ ծալապատիկ նստէր, իսկ պատուհանին ճեղքէն դրացի ռիփապլիքըն, անկլօ-սաքսոն, ամազոն, քրիստոնեայ աջակողմեան ապուշականը նշմարէր Շէյխին այդ «ղըլեֆեթ»ը, եւ անոր մօտ եկող-գացող թաւամազ արուները, հեռաձայնը վերցնելով՝ հայրենիքի Պաշտպանութեան ռասիստ խըլէզներուն իմաց տար, թէ՝ «Միջին արեւելեան տեսքով հարեւանը թերորիստական ինչ որ դաւադրութիւն կը նիւթէր»… այդ երջանիկներն ալ գային, խեղճ մարդը ձերբակալէին ու բանտ նետէին։ Կարգին հայ փաստաբան ալ չկայ, որ իրաւազրկուած կամ ստապատիր ամբաստանութեամբ «ծակը նետուող» հայերուն դատը ձրիօրէն պաշտպանէր…: Ինչո՞ւ դուն այսպէս պոլ-պոլ կը բռնես, կը նետես կոր. այս երկրին ի՛նչ զուլում ըլլալը կ՛երեւի մորթիդ վրայ չես կրած. ասոնք պզտիկ կասկած մը ունենան, իբրեւ օտարական՝ մորթդ կը քերթեն…: Մարդը պատուելիի պէս կը հագուի կոր, մէջէն չի կրնար կոր ելլել:
– Ի՛նչ ալ ըսես, զիս չես կրնար համոզել։
– Եղբա՛յր, ազգովին արտաքին երեւոյթներու գերին դարձեր ենք, ֆրանսացին իմաստուն խօսք մը ունի. «Lhabit ne fait pas le moine!», այսինքն՝ «Սքեմը չէ որ մարդս հոգեւորական կը դարձնէ»: Մըրճանի պէս մաքուր հոգիով մէկը, եթէ բան մըն ալ չհագնի, տակաւին արդար Շէյխ մըն է:
– Բարեկամդ է, անշուշտ պիտի պաշտպանես:
– Կը սխալիս կոր, Միջին Արեւելքի մէջ «Շէյխ»ը պատուաբեր տիտղոս է, պէտք չկայ «քիւֆլիւ-ակիլ»ներու մէջ քրտինքխաշ ըլլալու:
– Ըսել կ՛ուզես, որ բարեկամդ Big Shut է:
– Այո՛, խոփ-խոշոր Թոփչեանը իրեն մասին յօդուած գրեց:
– Թէ ի՞նչ…
– Թէ Շէյխ Մըրճանի կարողութիւնները գերբնական ուժերէ կը բխին:
– Ինչ է, գրական յայտնի քննադատը հիմա ալ սկսած է «ֆալճըներով» զբաղելու:
– Ստեփանը գրականութեան կողքին փիլիսոփայութեան դոկտոր է, եւ Շէյխ Մըրճանի արտասովոր կարողութիւնները զինք հետաքրքրած են, իբրեւ կարեւոր երեւոյթ՝ գոյութենական գաղտնի մեր ծալքերը բանալու…
– Ի՛նչ կ՛ըլլաս, ինծի հայաստանցիները օրինակ մի բերեր:
– Ինչո՞ւ, զարգացած, կարգին մարդիկ են։
– Եօթանասուն տարի անոնք այնպէս մը ճզմուէր են այդ «փութ-փերես» ռեժիմին տակ, հոգեպէս այնքան փթացեր են, որ հազիւ աղանդաւոր մը տեսնեն, անոր «մեսել» բուրող ստաբանութիւններուն կը հետեւին, ուրկէ՝ աղանդաւորներուն ձեռք բերած «սիւքսէ»ն ու գործած աւերը նորանկախ Հայաստանէն ներս։
– Կինդ արտագաղթո՞ղ եղած է:
– Չէ՛, ինծի պէս լիբանանահայ է։
– Ուրե՞մն։
– Եղբայր, իմ խօսքս աղանդաւորական երեւոյթին մասին էր:
– Ստեփանը այդ քու գիտցած թեթեւսոլիկ, մակերեսային մտաւորականներէն չէ. երդում պատառ կ՛ըլլայ, որ տասնամեակներ է ի վեր մահացած հօրը հետ կենդանի կապի մէջ դրեր է զինք Շէյխ Մըրճանը:
– Գրողներու միութեան քարտուղար այդ հանրայայտ Էտուարտ Թոփչեանի՞ն հետ. հաւատալս չի գար, մեռելները ինչպէ՞ս կրնան խօսիլ:
– Խօսեր է, եւ քիչ մնացեր է, որ զաւակին հետ նստէր, հաց կիսէր: Հէգ Էտուարտը խիստ կարեւոր խորհուրդներ տուած է քննադատ իր մանչուն:
– Թէ՝ Ամերիկայէն վազ անցնելով Հայաստան վերադառնա՞յ…
– Չէ, հայրը թելադրած է, որ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցի ու փոխէ հոն տիրող իրերայաջորդ փտախտաւոր ռեժիմները:
– Ինքն ալ մերժե՞ր է այդպիսի հրաւէր մը:
– Շէյխ Մըրճանը չէ թոյլատրած:
– Ինչո՞ւ:
– Մաֆիան մաքուրներուն գլուխը կ՛ուտէ։
– Բարեկամ, եկո՛ւր սա սիրտ ճմլող խօսակցութեան վերջ տանք:
– Այդ օրինակը տալով, կ՛ուզէի շեշտել, թէ Շէյխ Մըրճան իրեն վերագրուած յարգանքն ու գերբնական ուժը չէ գնած, այլ՝ անապատներու մէջ, արաբ կուսանի մը ձեռքէն ուղտի կաթ խմելով վաստկած է:
Քիչ ետք աւելցնելու համար՝
– Հոս նայի՛ր, տղամարդ ես նէ, Շէյխին հետ ձեռք ձեռքի տալով՝ ըմբոստ կինդ աղանդաւորներու իշխանութեան տակէն փարախ վերադարձո՛ւր:
«Խրբօ»ի իմաստը չհասկցայ: Ո՞ր լեզուով է «Խրբօ»:
I looked in multiple dictionaries, online Nayiri.com, google.com, can’t find «Խրբօ». What language is it?