ԹԱՒՐԻԶ.- Տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ուրբաթ, Յուլիս 23ին, Թաւրիզ ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական նոր նշանակուած փոխանորդ Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան, որ Թաւրիզի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներուն կողմէ։
Շաբաթ, Յուլիս 24ին, թեմի Ազգային իշխանութեան անդամներուն ուղեկցութեամբ, Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան մուտք գործեց Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ան դիմաւորուեցաւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու պատասխանատուներու եւ համայնքի անդամներու կողմէ: Ան նախ օրհնեց աղն ու հացը, ապա արտասանեց Տէրունական աղօթքը։ Այնուհետեւ, ի յիշատակ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Նշան եպս. Թոփուզեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Թաւրիզի եկեղեցիներու «Կոմիտաս» երգչախումբին երգեցողութեամբ:
Աւարտին Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան ողջունեց ներկաները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անունով անգամ մը եւս ցաւակցութիւն եւ վշտակցութիւն յայտնեց Նշան եպս. Թոփուզեանի վախճանման առիթով, ապա նշեց, որ կեանքը թէեւ անցաւոր է, սակայն գործն է, որ անմահօրէն կ՛ապրի: Ան շեշտեց միասնականութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց միասնականօրէն ծաղկեցնելու Ատրպատականի հայոց թեմը՝ այդ միասնական աշխատանքին մէջ յատուկ տեղ տալով երիտասարդութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.