ԳԱՀԻՐԷ.- Գահիրէի ՀԲԸՄը «Հայկական ֆիլմի երեկոյ» խորագիրով շաբաթօրեայ ձեռնարկ կը կազմակերպէ ամրան շրջանին՝ «Ճանիկ Չագըր» մշակութային կեդրոնին մէջ:
«Ես լաւատես եմ որ ներկաներուն թիւը հետզհետէ պիտի բարձրանայ», կ՛ըսէ ՀԲԸՄ Գահիրէի ատենապետ բժ. Վիգէն Ճիզմէճեան, եւ կ՛աւելցնէ. «Քանի որ թերթին մէջ սկսանք ծանուցում հրատարակել: Երբ առաջին անգամ սկսանք ֆիլմ ցուցադրել միայն 8 հոգի ներկայ էր. Հետեւաբար, ֆիլմը չի ցուցադրեցինք, որորվհետեւ բաւարար կերպով ծանուցումներ չէինք ըրած, իսկ երկրորդ շաբթուան ներկաներու թիւը հասած էր 18 հանդիսատեսի»:
Ապա, Ճիզմէճեան կը հաստատէ ըսելով. «Զանազան բնոյթ ունեցող, սակայն հայկական նիւթերով ֆիլմեր կ՛ընտրենք, ըլլան անոնք վաւերագրական, կատակերգական, պատմական կամ հերոսական ոճի, որպէսզի կարողանանք թէ՛ պատանի, թէ՛ երիտասարդ եւ թէ՛ երէց հանդիսատես ունենալ: Օրինակի համար, մեր յառաջիկայ ցուցադրելիք ֆիլմը՝ Օգոստոս 14ին, պիտի ըլլայ Սթալինի մասին ու անոր թողած ազդեցութիւնը Խորհրդային Հայաստանի վրայ 1930էն 1950 ժամանակաշրջանին:
Ժապաւէնները կը ցուցադրուին Շաբաթ երեկոները ժամը 8ին: Շաբաթ օրերը յարմարցուցինք այնպէս մը, որ միւս հայկական ակումբներու ձեռնարկները չխաչաձեւենք:
Բժ. Ճիզմէճեան կը նշէ, որ ՀԲԸՄ Գահիրէի շրջանի վարչութիւնը յանձնախումբ մը յառաջացուցած է նման ձեռնարկներ կազմակերպելու համար «Ճանիկ Չագըր» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Ճիզմէճէան կ՛եզրափակէ ըսելով, որ ՀԲԸՄ Գահիրէ ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ, ձմրան շրջանին թատերական արուեստի դասընթացքներ վերսկսելու առաջադրանքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.