ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի տարբեր հատուածներու մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած է հրադադարի խախտման 97 դէպք, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հայկական դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1600 փամփուշտ: Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն՝ գնդակոծութեան աւելի շատ դէպքեր արձանագրուած են շփման գիծի հիւսիսային հատուածին վրայ: Օգօստոս 1ի լոյս 2ի գիշերը եւ օրուան ընթացքին, Հաթերք գիւղի ուղղութեամբ տեղաբաշխուած ղարաբաղեան դիրքերու վրայ ատրպեճանական բանակի առաջապահ ուժերու կողմէն արձակուած է շուրջ 750 կրակոց։
Վերոնշեալ բոլոր ուղղութիւններուն մէջ ՊԲ դիրքապահ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը լռած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.