ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Բնապահպանութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Արծրուն Պեպանեան՝ մեկնաբանելով մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերը, ըստ որոնց հանրապետութեան նախագահը շուտով պաշտօնանկ պիտի ընէ Արամ Յարութիւնեանը, յայտնած է. «Մենք այսօր Օգոստոսի 9ին, գործակարգավարական խորհրդակցութիւն ենք անցկացրել առաջին փոխնախարարի ղեկավարութեամբ եւ նախարարութեան բոլոր ստորաբաժանումների մասնակցութեամբ, եւ ես չլսեցի որեւէ մէկից շշուկ կամ ակնարկ այն մասին, որ նման փրոպլեմ կայ: Նախարարութեան միջանցքներում նման խօսակցութիւններ չկան»:
Նշենք, որ ըստ մամուլի հրապարակումներուն, նախագահ Սերժ Սարգսեան, այս տարեսկիզբին ՀՀԿի քննարկման մը ժամանակ յայտարարած էր, թէ կաշառակերութեան մէջ մեղադրուող բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակիցներու դատավճիռէն յետոյ պէտք է պաշտօնանկ ընէ Արամ Յարութիւնեանը:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 6ին Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ կաշառառութեան մէջ մեղադրուող Բնապահպանութեան տեսչութեան նախկին պետ Տիգրան Գրիգորեան դատապարտուած է 7, իսկ անոր նախկին տեղակալ Արսէն Պետրոսեան 10 տարուան ազատազրկման: Անոնք կը մեղադրուին Ախթալայի լեռնահարստացուցիչ ընկերութեան ղեկավարութենէն կաշառք վերցնելու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.