ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Միջազգային հանրութեան կողմէ վերջերս կատարուած Քոսովոյի անկախութեան իրաւական ճանաչումը, հասկնալիօրէն, լայն արձագանգի եւ բուռն քննարկումներու առիթ դարձաւ հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն համար։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրողական անկախութիւնը միջազգային իրաւական ճանաչման արժանացնելու պահանջը, արագօրէն, իր առաջնային տեղը շեշտեց հայ ազգային–պետական քաղաքականութեան օրակարգային գլխաւոր, այլեւ այժմէական հարցերու շարքին։
Մէկ կողմէ Քոսովոյի եւ ԼՂՀի պարագաներուն միջեւ քաղաքական, ռազմավարական եւ իրաւական զուգահեռները լուսարձակի տակ առնուեցան բոլոր անոնց կողմէ, որոնք Քոսովայի անկախութեան միջազգային ճանաչումը նկատեցին ԼՂՀի անկախութեան իրաւական ամրագրման միջազգային յարմար պահը։ Ի վերջոյ, Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումով, մեր աչքին առջեւ, միջազգային հանրութիւնը արժանաւորապէս նուիրագործեց ազգային ինքնորոշման իրաւունքը՝ իբրեւ միջազգային քաղաքականութեան իրաւական առաջատար սկզբունքը։
Միւս կողմէ, յարմար այս պատեհութենէն օգտուելու հրամայականը շեշտողներուն խանդավառութիւնն ու լաւատեսութիւնը չափաւորելու եւ հարցականի տակ դնելու փութացին հայ քաղաքական մտքի այն թեւերը, որոնք բացառապէս Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական շահերուն եւ մեծապետական ազդեցութեան ծիրի ընդլայնման ծառայող քայլ մը տեսան Քոսովոյի անկախութեան միջազգային ճանաչման ետին։ Այս վերջինները կարեւորութեամբ մատնանշեցին, որ եղածը պէտք է արժեւորել պարզապէս իբրեւ մեծապետական՝ ամերիկեա՛ն քաղաքականութեան ձեռնտու խաղաքայլ մը, այլ ոչ թէ ընկալել իբրեւ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի յաղթարշաւը հաստատագրող օգտագործելի նախադէպ մը։
Կասկածէ վեր է, որ աշխարհաքաղաքական լուրջ հիմնաւորում ունի Քոսովոյի անկախութեան միջազգային ճանաչումով այնքան ալ չխանդավառուելու զգուշացումը։ Նախ՝ կարելի չէ մտահան ընել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութենէն եւ հայ ժողովուրդէն առաջ՝ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումէն օգտուելու ամէն լծակ եւ պատրաստութիւն ունի Կիպրոսի հիւսիսային բաժինը փաստացի գրաւած թրքական պետութիւնը։ Ապա՝ այնքան ալ պարզ չէ, որ ամերիկեան քաղաքականութեան մեծապետական հաշուարկներուն դիտանկիւնէն, այսօր, ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարի ներկայ թէժ պահուն, կրնայ ձեռնտու նկատուիլ Արցախեան Հարցի վերջնական կարգաւորման առաջնորդող որեւէ լուծում։ Ի վերջոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չ՛ուզեր ետ մնալ Ռուսաստանէն, որ ինչպէս խորհրդային իշխանութեան ժամանակ, նոյնպէս եւ յետխորհրդային ներկայ շրջանին, Արցախեան հարցին կը նայի իբրեւ հաւասարապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ ռուսական ազդեցութեան գօտին ամրապնդող խաղաթուղթի մը…
Ամէն պարագայի, այդ բոլոր վերապահութիւնները պատճառ չեն կրնար ըլլալ, որ հայ քաղաքական միտքը իր առաջնահերթութեանց օրակարգին վրայ չբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումին ուղղութեամբ նոր թափով դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալելու հրամայականը։
Արեւմուտքի եւ յատկապէս Մ. Նահանգներու ջանքերով ու հովանաւորութեամբ իրականացած Քոսովոյի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, այդ առումով, յարմար առիթ է հայկական դիւանագիտութեան մերօրեայ զօրաշարժին։
Եւ ոչ միայն յանուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւական ու միջազգային ճանաչումին։
Այլեւ՝ ի խնդիր ընդհանրապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ հայկական իրաւունքներու վերարծարծումին, որոնց միջազգային նուիրագործումը կատարած Սեւրի Դաշնագրին ստորագրութեան 90ամեակն է այս օրերուն։
Հայկական դիւանագիտութեան այսօրուան ներհակ մօտեցումներէն բխող բանավէճին մէջ հիմնական կարեւորութեամբ պատասխան պէտք է գտնեն Հայկական Հարցի միջազգայնացման աւելի քան 130ամեայ հոլովոյթին առանցքային խնդիրները։
Հայ քաղաքական միտքը այսօր արդէն անհրաժեշտ փորձառութիւնը ունի հիմնովին վերարժեւորման ենթարկելու 1878ի Պերլինի Վեհաժողովէն ասդին ազգովին մեր կտրած ուղին։
Եւ առաջին հերթին ու ամէն բանէ վեր շեշտելու, որ «Երկաթէ Շերեփ»ի կողքին մենք կարիքը ունինք «թուղթէ շերեփ»ին։
Խրիմեան Հայրիկ հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը շրջեց, երբ Հայկական Հարցի միջազգայնացման անդրանիկ վեհաժողովէն վերադարձին քարոզեց, որ առանց զէնքի եւ ռազմական ուժի՝ ազգային–քաղաքական իրաւունքներ չեն նուաճուիր։
Հայ ժողովուրդը անկախ Հայաստան եւ ազգային պետականութիւն կերտեց՝ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» նշանաբանով սերունդներ ոտքի հանելով եւ մղելով դէպի հերոսական կռիւ, յեղափոխական յանդգնութիւն ու «Ազատութիւն կամ մահ» ընտրելու հաստատակամութիւն։
Յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի օրհասական կռիւ մղող հայ ֆետայիներն ու գաղափարի մարտիկները, «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ» վճիռով, սեփական ուժերուն ապաւինած, անհաւասար կռոի դաշտ նետուած ժամանակ իսկ, ամէն ճիգ թափեցին եւ կարեւորութեամբ յառաջ մղեցին ցուցական պայքարը՝ սեփական ժողովուրդի իրաւունքի եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար միջազգային հանրութեան։
Հայ քաղաքական միտքը 130ամեայ այդ դաժան կենսափորձով՝ հայ ժողովուրդի մահացու անկումով եւ հրաշափառ յարութեամբ, այսօր արդէն իրաւունք չունի աւելորդ հարկ վճարելու այն մոլորանքին, թէ օտարէն պէտք չէ սպասէ իր Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։ Երկաթէ շերեփով իրաւունքի հերիսայի կաթսային մօտենալու իր արժանաւորութիւնը վաստակած մեր ժողովուրդը, քաղաքական աշխարհին հետ քայլ պահելու համար իսկ, ջուրի եւ լոյսի չափ պէտք ունի իրաւական շերեփի, որպէսզի իր գալիք սերունդներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորէ…
Իսկ Սեւրի դաշնագիրը այն իրաւական շերեփն է, որուն այժմէականուցումով՝ հայկական դիւանագիտութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլայ ոչ միայն Արցախի հայապատկան կարգավիճակին միջազգային իրաւական ճանաչում ապահովելու, այլեւ՝ ամէնէն լայն ընդգրկումով Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը յառաջ մղելու միջազգային իրաւական հունով։
Ճիշդ է, 1923ի Լօզանի Դաշնագրով թուրք քաղաքական միտքը կրցաւ Օսմանեան կայսրութեան փլատակներէն ոտքի հանել այսօրուան Թուրքիան։ Նոյն Լօզանի Դաշնագրով թրքական պետութիւնը կրցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պահպանել իր տեղը իբրեւ տարածաշրջանի զօրաւորագոյն ուժերէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը։ Բայց նոյն այդ հզօր Թուրքիան, Հայ Դատի ուժական պայքարի զարթօնքէն ասդին, դիւանագիտական ամէն հնարքի կը դիմէ, որպէսզի կարենայ պատռել Սեւրի պարտամուրհակը եւ միջազգային ճանաչումէ զրկել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանները ճշդող միջազգային միակ փաստաթուղթն ու Ուլիսընեան իրաւարարութիւնը։ Նոյնիսկ Արցախի Հարցի կարգաւորման ծիրին մէջ թրքական պետութիւնը դիւանագիտական ամէն ճնշումի կը դիմէ, որպէսզի կարենայ միջազգային ճանաչումի արժանացնել բիրտ ուժով Հայաստանի պարտադրուած ներկայ սահմանները՝ Սեւրի դաշնագիրը իրաւականօրէն փոխարինող միջազգային կամ միջ–պետական նոր պայմանագրի մը ստորագրութիւնը պարտադրելով Հայաստանին ու հայ ժողովոււրդին։
Քոսովոյի անկախութեան միջազգային ճանաչումին առիթով՝ յանուն Արցախի իրաւական անկախութեան միջազգային ճանաչումին նորովի զօրաշարժ ապրող հայկական դիւանագիտութիւնը, հետեւաբար, կարեւորութեամբ կանգ պէտք է առնէ Հայկական Հարցի միջազգայնացման 130ամեայ հոլովոյթին այս դասերուն վրայ։