ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՀՄԸՄի ընտանիքէն ներս, գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է, ամէն տարի, Նաւասարդեան մարզախաղերու աւարտէն ետք, հրաւիրել ՀՄԸՄի կամաւոր այն քոյր-եղբայրները, որոնք իրենց առաւելագոյնը ի գործ դնելով մեծապէս նպաստեցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու յաջողութեան:
Այս տարի յատկանշական այդ երեկոն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Յուլիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գարուսէլ» ճաշարանը:
Երեկոն նաեւ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ անգամ մը եւս վերապրելու Նաւասարդեան յաղթանակները եւ ինչո՞ւ չէ, նախապատրաստուելու յառաջիկայ տարուան:
ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անունով ներկաները բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց շրջանային վարչութեան գանձապահ Ռիմա Աբեդի-Սաղրեան, որ բարձր գնահատելէ ետք բոլոր ՀՄԸՄականներուն անսակարկ նուիրումը ՀՄԸՄի եւ յատկապէս Նաւասարդեան աշխատանքներու նկատմամբ, հրաւիրեց զանոնք դիտելու Նաւասարդեան բոլոր աշխատանքները արտացոլող տեսաերիզը, որ սիրայօժար պատրաստուած էր Կարօ Պոլսաճեանի կողմէ:

Ապա, բեմը ստանձնեց շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանը, որ առաջին հերթին ներկայացուց օրուան հիւրերը, որոնց կարգին էին Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Ճորճ Ա. Ժամկոչեան, Նաւասարդեանի անցեալի պատուոյ նախագահներ Շանթ Հայթայեան, Վահագ եւ Պայծառ թովմասեաններ, ՀՄԸՄի բարերար Ալիս Անտոնեան, Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան, շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններ, Հայ-ամերիկեան հիւանդապահուհիներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, երգչուհի Լարա Ղարիպեան եւ այլ հիւրեր:
Եղբայրը առանձնապէս յիշեց եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Նաւասարդեան յանձնախումբի եւ ենթայանձնախումբերու բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, որոնք իրենց առաւելագոյն ներդրումը բերին Նաւասարդեանի աշխատանքներու յաջողութեան: Եղբայրը յիշեց նաեւ շրջանային յանձնախումբերը, որոնք ամբողջ տարին նուիրումով աշխատանք տարին ՀՄԸՄական բոլոր նախաձեռնութիւնները լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու եւ անոնց նպատակները իրականացնելու համար:
Սթիւ Արթինեան նաեւ բարձր գնահատեց հայ հիւանդապահուհիներու ընկերակցութիւնը, որուն զոհաբերուող անդամ-անդամուհիները ամբողջական ներկայութիւն եղաւ Նաւասարդեան բոլոր ձեռնարկներուն եւ իրենց սիրայօժար ծառայութիւնը մատուցեցին բոլորին: Այս առիթով եղբայրը շրջանային վարչութեան անունով յուշանուէրը մը յանձնեց ընկերակցութեան ատենապետուհի՝ Գոհար Քէսեանին:
Այնուհետեւ, Պայծառ Թովմասեան, գեղեցիկ անակնկալով մը նահանհային խորհրդարանի անդամ Քէվըն Տը Լէոնի կողմէ, գնահագիր մը յանձնեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեանին, առ ի գնահատանք շրջանի ՀՄԸՄի երիտասարդութիւնը համախմբող Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելուն: Անակնկալի եկած եղբայրը շնորհակալութիւն յյտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար:

Երեկոյի պաշտռնական բաժնի աւարտէն ետք, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ, որու ընթացքին մասնակիցները ընկերային հաճելի ժամանց ունեցան իրենց միութենական քոյր-եղբայրներուն հետ, վերապրելով Նաւասարդեան աշխատանքներու ուրախ յիշատակները: Ուշ երեկոյեան, անոնք Նաւասարդեան յաղթանակներով վերանորոգուած մեկնեցան տուն, ՀՄԸՄականի իրենց պարտականութիւնները շարունակելու հաստատակամութեամբ: