
Երեքշաբթի, Օգոստոս 10ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն։ Ծանօթ է, որ նոր կազմը ընտրուած էր ՀՕՄի պատգամաւորական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Յուլիս 15էն 17ին, Ֆրեզնոյի մէջ։
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Արուսեակ Մելքոնեանէ (ատենապետ), Նայիրի Տէրտէրեանէ (փոխատենապետ), Ռիթա Հինդլեանէ (ատենադպիր), Քրիսթին Քէշիշեանէ, Սեդա Յակոբեանէ եւ Քարմէն Լիպարիտեանէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամ Սագօ Շիրիքեան։
Հիւր պատուիրակները, ծանօթացումէ ետք, շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին առաջնորդ սրբազանին, որ, ինչպէս նախընթաց տարիներուն, այս տարի եւս անձամբ ներկայ եղած էր պատգամաւորական ժողովին, կատարած էր բացումը եւ ուղղած իր պատգամը։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ծրագիրներուն մասին, որոնք խորքին մէջ մաս պիտի կազմեն ՀՕՄի երկրորդ դարը բացող աշխատանքներուն։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան ՀՕՄի ծառայութեան դաշտերը, որոնք կը տարածուին սփիւռքեան գաղութներէն մինչեւ մայր հայրենիք՝ Հայաստան, Արցախ եւ æաւախք։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց կանացի այս մեծ կազմակերպութեան նուիրեալ աշխատանքն ու գործունէութիւնը, մաղթելով, որ յառաջիկայ տարիները առիթ ըլլան ո՛չ միայն ՀՕՄի գործունէութեան դաշտերուն ընդարձակման, այլ նաեւ մեր ազգային երազներուն իրականացման, առաջադրանքներ՝ որոնց աղերսակից է ՀՕՄը՝ իր բոլոր մակարդակի վարչութիւններով ու բազմահազար անդամներով։ Ան նկատել տուաւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2010ը Հայ Կնոջ տարի հռչակումը իւրայատուկ իմաստ կը զգենու ՀՕՄի գործունէութեան դիտանկիւնէն։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, գնահատանք արձանագրելով ՀՕՄի եւ անդամներու ազգանուէր աշխատանքներուն մասին։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդ սրբազանը յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց հիւր պատուիրակներուն։