
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախւոմբին վարժողական ամառնային ծրա-գրին մասնակցող Մարիա Յակոբեան իր աշխատանքը կեդրոնացուցած էր համայնքային ու կառավարական յարաբերութեանց բաժանմունքին վրայ, միաժամանակ նպաստելով նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Արհեստավարժներու ցանցին գործունէութեան:
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA) նոր աւարտած Յակոբեան յատուկ աշխատանք տարաւ նաեւ հետապնդելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով մտաւորականներուն վրայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բանեցուցած ճնշումները կամ զանոնք սիրաշահելու նպատակով Անգարայի քայլերը:
Յակոբեան, որ անդամ է շարք մը կազմակերպութեանց, պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած էր քաղաքական գիտութեանց մարզին մէջ, իբրեւ երկրորդական մասնագիտութիւն ունենալով իմաստասիրութիւնը: Ան կը ծրագրէ իրաւաբանական համալսարան յաճախել, փաստաբան ըլլալու հեռանկարով: