
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը (MOCA) կը տեղեկացնէ, թէ մինչեւ Սեպտեմբեր 20 շարունակուող Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսին, այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ մէկ տոմսով երկու հոգիի մուտքը ապահովել, որպէսզի աւելի մեծ թիւով արուեստասէրներ կարելիութիւնը ունենան ըմբոխշնելու այս իւրայատուկ ցուցահանդէսը:
Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը եւ Կրէնտ պողոտայի վրայ թանգարանին գլխաւոր կեդրոնին մէջ շարունակուող ցուցահանդէսը, որ հարստացած է շնորհիւ հայազգի արուեստագէտին կնոջ՝ Ագնեսի ցուցաբերած ամբողջական աջակցութեան, 1981էն ի վեր կազմակերպուած մեծագոյն ցուցահանդէսն է, Կորքիի նուիրուած:
Ամերիկեան արուեստը դէպի վերացականութեան առաջնորդած եւ բազմաթիւ արուեստագէտներու ներշնջման աղբիւր դարձած Կորքիի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն աւելի քան 120ը կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ:
Սոյն ցուցահանդէսը իրականցած էր Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանին, Լոնտոնի ժամանակակից արուեստի «Թէյթ» թանգարանին եւ Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի համատեղ ջանքերով: