ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը Օգոստոս 13-18ի միջեւ Դիլիջանի մէջ կազմակերպած է բանակումը, որուն կը մասնակցին միութեան անդամներ եւ համակիրներ՝ շուրջ 100 երիտասարդներ եւ ուսանողներ: Ըստ միութեան ատենապետ Միքայէլ Խոսրովեանի՝ օրակարգին նախատեսուած են դասախօսութիւններ, բանավէճային թեմաներու քննարկումներ եւ մարզական խաղեր:
«Այս բանակման նպատակն է ազգային գաղափարախօսութեան ներդնումը եւ տարածումը երիտասարդութեան մէջ, հասարակութեան մէջ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան դերի ներկայացումը եւ սոցիալական արդարութեան հասնելուն ուղղուած նրանց անելիքների պարզաբանումը», յայտնած է Մ. Խոսրովեան՝ նշելով, որ բանակումը կ՛առանձնանայ նաեւ իր ընկերական ուղղուածութեամբ:
Ըստ Խոսրովեանի՝ Դիլիջան կը հրաւիրուին դաշնակցական պատգամաւորներ եւ գերագոյն մարմնի անդամներ՝ դասախօսութիւններ ներկայացնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.