ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանեան ու ռուսական մամուլը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին պարբերաբար կ՛անդրադառնայ Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուելիք հակահրթիռային համակարգին մասին, պնդելով որ այդպիսի գործառնութեամբ մը, մանաւանդ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ռազմատենչ յայտարարութիւններու լոյսին տակ, դարձեալ քաղաքական քարերը պիտի շարժին Կովկասէն ներս։ Հակառակ անոր, որ ռուսական պատկան մարմինները պաշտօնապէս չեն հաստատած այս լուրը, այսուհանդերձ հերքում մըն ալ չէ կատարուած:
Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի «Ռէալփոլիթիք» անունով յայտագիրի հաղորդավարը հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ այս մասին հարցումին պատասխանեց ըսելով. «Ծանօթ է, որ «Էս. 300» հրթիռային համակարգերը տագնապի խորհրդանիշ մը դարձած են։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ համակարգերը պաշտպանական սպառազինութիւններ են եւ կոչուած են համապատասխան տարածքը պաշտ-պանելու արտաքին յարձակումներէն», ըսաւ ան։
Նախարարը ըսաւ, որ Մոսկուա երբեք զէնք չի մատակարարեր այնպիսի տարածքաշրջաններու, ուր այդպիսի մատակարարում մը կրնայ ապակայունացնել իրավիճակը։ «Ես համոզուած եմ որ Կովկասի մէջ որեւէ պետութիւն չի պատրաստուիր ռազմական նոր գործողութիւններու ձեռնարկել, քանի որ այդպիսի զարգացում մը աղիտալի հետեւանքներ կ՛ունենայ», դիտել տուաւ ան ու աւելցուց. «Յարձակող երկիր մը ամէն պարագայի իր նպաստակին չի կրնար հասնիլ։ Մենք ատոր համոզուեցանք 2008ի Օգոստոսին, երբ Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլի փորձեց Հարաւային Օսեթիոյ հարցերը լուծել միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ անընդունելի միջոցներով։ Ես համոզուած եմ որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ նմանօրինակ փորձեր չեն կատարուիր, քանի որ կը կրկնեմ, ես մասնակցած եմ նախագահներ Սարգսեանի ու Ալիեւի հետ Ռուսիոյ նախագահի հանդիպումներուն եւ երեք նախագահներն ալ իրենց ստորագրութիւնները դրած են փաստաթուղթի մը տակ, որ չ՛արտօնուիր ուժի կիրարկութիւնը եւ հաւատարմութիւն կայ ղարաբաղեան հարցը միայն ու միայն բանակցութիւններու ճամբով լուծելու գործընթացին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.