ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանով, երկիրի շիիներու մզկիթներուն մէջ արգիլուած է «ազան»ը՝ իսլամները աղօթքի հրաւիրող կանչը։
«Ատրպէյճանի նախագահի հրամանի համաձայն, մզկիթներու պատասխանատուներու կողմէ հրահանգը չկատարելու պարագային, վերջիններս խիստ պատասխանակուութեան պիտի ենթարկուին։ Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի հանրապետութեան վարած հակաշիիական քաղաքականութեան պատճառով Ատրպէյճանի մէջ քանդուած է երկու շիիական մզկիթ, իսկ ուրիշներու գործունէութիւնը կասեցուած է», նշուած է լրատուութեան մէջ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ ապրող իրանցիներու պաշտպանութեան միութեան նախագահը նշած է, որ Ատրպէյճանցի ոստիկանները եւ մաքսատան պատասխնատուները Իրանի քաղաքացիներէն կաշառք կը պահանջեն ու անոնց հանդէպ անարգական վերաբերմունք կը ցուցաբերեն, աւելցնելով, որ Իրանի քաղաքացիներուն նկատմամբ ատրպէյճանցիներու կոպիտ վերաբերմունքը զգալի կերպով աճած է յատկապէս վերջին երկու ամսուան ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.