ԹԵՀՐԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Դիւանագիտական աղբիւրներ Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Իրան իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ուղարկած վերջին նամակին մէջ, այդ հարցով բանակցութիւններուն Թուրքիոյ եւ Պրազիլի մասնակցութիւնը առաջարկած է։
Դիւանագիտական աղբիւրները ըսած են, որ Իրանի առաջարկը պարզապէս «փափաք»մըն է եւ աւելցուցած, որ բոլոր առնչակից կողմերը պէտք է հաւանութիւն տան, որպէսզի այդ փափաքը իրականանայ։
Աղբիւրները նշած են. «Իրան նամակին մէջ յայտնած է, որ պատրաստ է իւրանիոմի փոխանակման գործընթացին շուրջ Թեհրանի համաձայնութեան հիմամբ եւ առանց նախապայմաններ դնելու բանակցելու Վիեննայի խմբակին հետ»։
Դիւանագիտական աղբիւրները նաեւ յայտնեցին, որ Իրանի նամակը առնչակից կողմերուն փոխանցուած է եւ այդ կողմերէն ստացուած պատասխանին հիմամբ բանակցութեանց թուական մը պիտի ճշդուի։ Անոնք աւելցուցած են, որ Իրանի կողմէ նախապայմաններու բացակայութեան պատճառով բանակցութիւններուն մօտիկ թուական մը կրնայ ճշդուիլ։
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր Հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականի մը մէջ կը գրէ, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի յառաջիկայ 24 ժամուան մէջ Իրանը հարուածելու։ Օրաթերթը կը նշէ, որ զինուորական յարձակումին ժամանակը հասած է, մանաւանդ, որորովհետեւ քանի մը օր ետք Իրանի Պուշեհրի հիւլէական կայանի հնոցը պիտի սկսի աշխատցնել, Ռուսիայէն ստանալիք հիւլէական վառելանիւթին շնորհիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.