ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Կլենտէյլի ՀՅԴ «Շանթ» Եւ «Զաւարեան» Պատանեկան Միութիւնները

ՀՅԴ «Շանթ» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնները Կլենտէյլի մէջ գործօն եղած են անցնող 30 տարիներուն: Իբրեւ մէկ մասը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական կազմակերպութեան, անոնց առաքելութիւնն է հայ երիտասարդ սերունդին մէջ սերմանել հայրենասիրութեան եւ ազգային ինքնութեան զգացումը:
Երիտասարդական այլ մասնաճիւղերու նման, «Շանթ»ի եւ «Զաւարեան»ի անդամները կ՛ունենան շաբաթական հանդիպումներ՝ դաստիարակչական ծրագիրներու հետեւելու, քաղաքական արշաւներուն մասնակցելու, բանակումներ կազմակերպելու եւ ընկերային ձեռնարկներու ներկայ գտնուելու համար, միշտ ի մտի ունենալով բարոյապէս ուժեղ եւ հայրենասիրական հոգի մը ունենալու կարեւորութիւնը:
1991էն ի վեր, «Շանթ» եւ «Զաւարեան» միութիւնները Մեծն Լոս Անճելըսի հայկական գաղութին ներկայացուցած են շարք մը թատերախաղեր, ինչպէս՝ «Մենք Հայերս» (1991), «Ճանապարհ մը Առանց Վերադարձի» (1992), «Գարեգին Նժդեհի Կեանքն ու Գաղափարաբանութիւնը» (1994), Սիամանթոյի «Ես Երգելով Կ՛ուզեմ Մեռնիլ» (1998), «Սեւ-Ճերմակ Հայկական Պատկերներ» (2005), եւ վերջերս՝ «Վերջին Վերապրողը» (2006):

Իրենց թատերական կատարումներէն անկախ, միութիւնները գործօն կերպով կը մասնակցին Կլենտէյլի գաղութային կեանքին: 1991ին, Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման առիթով, անոնք այցելեցին քաղաքի կեդրոնները եւ կատարեցին հայրենասիրական երգեր:
2001ին, Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման տասնամեակին առիթով, միեւնոյն երգերը մեկնաբանեցին՝ ընկերակցութեամբ հայկական աւանդական երաժշտական գործիքներու՝ դհոլին ու զուռնային:
Ծնունդի շրջանին, բարեմաղթանքներու հարիւրաւոր շնորհաւորագիրներ կը բաժնուին Կլենտէյլի հայ եւ ոչ հայ ընտանիքներուն: Պատանիները կ՛այցելեն հայկական ծերանոցներ եւ իրենց յարգանքը կը մատուցեն այն սերունդին, որ ապահովեց իրենց ազգային ինքնութիւնը: 1996ին, երկու միութիւնները միասնաբար հրապարակեցին Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հետ իրենց կատարած հարցազրոյցներուն գրքոյկը:
1994ին, «Շանթ»ը եւ «Զաւարեան»ը դրամահաւաք կազմակերպեցին՝ վիրաւոր հայ զինուորներու ընտանիքներուն համար, եւ միեւնոյն տարին խումբ մը անդամներ Հայաստան եւ Արցախ (Ղարաբաղ) գացին՝ հանգանակուած գումարը աւելի քան 200 վիրաւորներու ընտանիքներուն փոխանցելու համար:
Ներկայիս, ՀՅԴ «Շանթ» եւ «Զաւարեան» միութիւնները միասնաբար ունին 120 անդամներ:
——————————————————————————————————————————————-
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ
«Շանթ» Պատանեկան Միութեան Աշխարհը

Անունս Յակոբ Գազանճեան է: Տասնչորս տարեկան եմ եւ Կլենտէյլի «Շանթ» մասնաճիւղի Պատանեկանին մաս կը կազմեմ: Ութ տարեկան էի, երբ մեր ակումբի դռներէն ներս մտայ: Առաջին ժողովին ընթացքին շատ անհանգիստ զգացի, որովհետեւ մթնոլորտը տարբեր էր եւ տակաւին վարժուած չէի: Բայց շուտով ծանօթացայ ուրիշ պատանիներու, որոնք առաջին մէկ օրէն ինծի հետ լաւ վարուեցան ու իրենց տաքուկ մթնոլորտին մէջ ընդունեցին զիս:
Ժողովէն հինգ-տասը վայրկեան առաջ, մենք բոլորս աթոռները կը շարենք դիւանի սեղանին առջեւ: Երբ բոլորս պատրաստ ենք, ոտքի կը կանգնինք եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգը երգելով՝ ժողովը կը բանանք: Քարտուղարը անուանացանկը կարդալով կը ստուգէ, թէ ո՞վ ժողովի ներկայ, բացակայ կամ բանաւոր բացակայ է: Ապա ատենագրութիւնը (անցեալ շաբթուան ժողովի նօթերը) կը կարդայ, որպէսզի վերյիշենք նախկին շաբթուան մեր օրակարգը եւ անոր լուծումը: Անկէ ետք ժողովի օրակարգին կ՛անցնինք:
Ամէն շաբաթ, պատանիները նշանակուած պարտականութիւն ունին կատարելու: Օրինակ՝ պատանիներէն ոմանք պէտք է ներկայացնեն այժմէական լուր, որ կապ ունի միջազգային եւ հայկական հարցերու հետ. ուրիշներ տասը հայերէն բառերու անգլերէն հոմանիշները կը հարցնեն եւ միւսները պէտք է հայերէն թարգմանութիւնը ըսեն. անգլերէն եւ հայերէն իրողութիւններ (factoid) կը յայտարարուին, հանելուկներ կը պատմուին եւ միւս պատանիները պէտք է հանելուկները լուծեն, իսկ այլ պատանիներ կը ներկայացնեն «Այս Շաբաթ Պատմութեան Մէջ» (This Week In History) պատահած դէպքեր, ուր աշխարհի կարեւոր եւ անծանօթ կամ անյայտ իրողութիւններու մասին կը լսենք եւ կը սորվինք:
Ընկերային մթնոլորտ ստեղծելու համար ալ, ամէն շաթաբ դաստիարակչական կամ ոչ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող տարբեր խաղեր կը խաղանք: Ժողովի աւարտին, դիւանը իր յայտարարութիւնները կը կատարէ եւ միասնաբար «Յառաջ Նահատակ» եւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգները երգելով՝ ժողովը կը փակենք:
Ժողովէն դուրս, միասին բազմաթիւ ծրագիրներ կը կատարենք, ըլլան անոնք «Bowling»ի երթալ, զբօսայգի երթալ, ծովեզերք երթալ կամ ծնողներով հաւաքոյթ ունենալ: Իմ ամէնէն սիրածը «Disneyland» կամ «Knotts Berry Farm» այցելելն է:

Պատանեկանէն ներս այս վեց տարիները, իբրեւ պատանի եւ վարչական, շատ հաճելի եղած են ինծի համար, եւ անկասկած գիտեմ, որ պիտի շարունակեմ Պատանեկանի անդամ ըլլալ:
ՅԱԿՈԲ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ, «Շանթ» Մասնաճիւղ
Զարկերակը Մեր Ձայնն Է
«Զարկերակ»ը մեր ձայնն է: Մէկ խօսքով՝ ամբողջ պատանեկանի արձագանգն է: Սակայն ո՞վ ենք մենք:
Տարիներ առաջ, կուսակցութեան դրօշին տակ մէկտեղուած՝ այսօր հաստատօրէն Պատանեկան միութիւն դարձաւ: Արդէն տասնամեակներէ ի վեր եղած ենք այն կազմակերպութիւնը, որ ամէն տարի կը մեծնայ, կը բարգաւաճի ու կ՛ուռճանայ:
Նոյն այս միութիւնն է, որուն հովանիին տակ մենք մէկտեղուելով՝ կը սնանինք հայու ոքիով, կազմակերպչական շունչով եւ անպայմանօրէն հայկականութեամբ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը բերեն մեր Պատանեկան կազմակերպութեան, նիւթական եւ բարոյական ձեւերով, նկատի առնելով այն նորակառոյց շէնքը, ուր ամէն Ուրբաթ երեկոյեան կը հանդիպինք՝ կատարելու մեր հերթական ժողովը իբրեւ ապագայի կուսակցականներ:
Մեր մաղթանքն է, որ մեր այս սիրելի միութիւնը բազմանայ տարիէ տարի եւ ներառէ շրջանի մեր տարեկից բոլոր պատանիները՝ յանուն մեր եւ մեր ազգի վաղուան ու փայլուն ապագային:
ԲԱԼԻԿ ԳՈՃԱՆԵԱՆ, «Զաւարեան» Մասնաճիւղ
AYF Badanegan
The AYF Badanegan is an organization that is cherished by many young Armenians. It emphasizes on the youth of our people, and provides opportunities that are not available in other organizations.
Growing up, my parents always preached to me about the importance of the AYF, Homenetmen, and other familiar Armenian organizations. They always wanted me to take part in such organizations, but I never fully understood as to why. Finally, I joined the Homenetmen scouts and just a couple years later, at the age of ten became a badanee. On Friday nights I attended the meetings with the new friends that I had made. These meetings helped all of us badanees gain knowledge about Armenian History, ARF history, currents news about Armenia and international affairs, and other topics that we should be aware of. Besides the meetings, we also had the annual Glendale Badanegan camping event, outings, and other social events. These events helped us not only to build strong ties with people in our own region, but to also expand and build connections and friendships with members from other chapters.
Every Friday night something new and exciting awaited us, such as solving new riddles, sharing fun facts, playing games, and most importantly gaining the value of respect. The Glendale Badanegan Shant and Zavarian chapters have always been fortunate enough to have well educated and experienced variches who have lead and helped them to grow and develop into future AYF members.
I am very proud to say that Badanegan has been a part of my life for the past seven years and I have grown to love it. Badanegan has given me the opportunity to learn many lessons, build lifelong friendships, and mature into a prospective AYF member. In my opinion, this organization is truly great and I acknowledge all the variches who dedicate their time to make the program work.
Patil Malatian,
Zavarian Chapter