Էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ըստ մասնագէտներու, չկայ գիշեր մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը առնուազն 3 երազ չտեսնէ, բայց առաւօտեան կը յիշենք անոնցմէ մէկ քանին եւ կամ ոչ մէկը…
Մեծ մասամբ, յաճախակի երազները կը բացայայտեն անցողակի տագնապներ, զորս բոլորս ալ կը դիմագրաւենք մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին, ինչպէս՝ գործի հետ կապուած հարցեր, ամուսնալուծում, հարազատի մը կորուստ եւ այլն… Ընդհանրապէս այս երազները քիչ-քիչ կ՛անհետանան, երբ մենք կը յաղթահարենք մեր դժուարութիւնները։
Ինչ կը վերաբերի փորձ-հարցարանին, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն՝ իմանալու համար, թէ ձեր տեսած երազները ի՞նչ կ՛ըսեն ձեր մասին։
1. Ձեր պարագային, յաճախակի կրկնուող երազ մըն է՝
ա.- Անվերջանալի սանդուխներ բարձրանալը։
բ.- Ձեր ճամբան փակել ուզող արգելքներու դէմ պայքարը։
գ.- Օգնելու կամ միջամտելու անզօր եւ անշարժացած ըլլալու վիճակը։
2. Ամբողջ գիշերը խառն երազներ կ՛անհանգստացնեն ձեզ։ Առտու, երբ կ՛արթննաք,
ա.- Կարեւորութիւն չէք տար։
բ.- Զանոնք կը վերագրէք ձեր առօրեայ դժուարութիւններուն։
գ.- Ամբողջ օրը կը մտահոգուիք եւ կ՛ուզէք բացատրութիւններ գտնել։
3. Ձեր երազներուն մեծամասնութեան մէջ՝
ա.- Դուք մնայուն գործող անձ էք։
բ.- Անտեսանելի ուժեր կ՛արգիլեն, որ գործէք։
գ.- Ականատեսի դիրքի վրայ էք։
4. Ապագան ձեզի համար խորհրդանշուած է՝
ա.- Բաց դուռով մը։
բ.- Կամուրջով մը։
գ.- Գետով մը։
5. Առտուները ի՞նչ վիճակով կ՛արթննաք՝
ա.-Կայտառ եւ խանդավառ։
բ.- Խուճապի մատնուած եւ տագնապած։
գ.- Թմրած։
6. Օրուան ընթացքին, երբ նստած էք ու կը խոկաք,
ա.- Կը մտածէք վաղուան պարտականութիւններուն մասին։
բ.- Կը մտածէք ձեր իրագործելիք ծրագիրներուն մասին։
գ.- Կը մտածէք ձեր իրագործումներուն մասին։
7. Կ՛երազէք, որ վիճակահանութեան մեծագոյն պարգեւը շահած էք։ Ձեր կարծիքով,
ա.- Երազը ազդանշան մըն է, որ ձեր փափաքները պիտի իրականանան։
բ.- Երազը ազդանշան մըն է, որ կեանքի ճիշդ ընթացքի մը մէջ էք եւ պէտք է շարունակէք։
գ.- Կարեւորութիւն չէք տար երազին։
ԱՐԴԻՒՆՔ
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, անկասկած որ կեանքով լեցուն անձ էք, ձեր երազները լեցուն են շարժումով, արկածախնդրութեամբ։ Լաւագոյնին ձգտող եւ կամքի տէր էք, կը ջանաք ամէն գնով իրագործել ձեր ծրագիրները եւ հասնիլ ձեր նպատակին։ Ինչ կը վերաբերի ձեր տեսած երազներուն, կը ջանաք դրական կողմը տեսնել անոնց եւ չազդուիլ անոնցմէ։
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, թէեւ նախաձեռնող եւ «նետուող» անձ էք, բայց միշտ զգուշ՝ նահանջը ապահովելու համար։ Ձեր մէջ որոշ մտահոգ գիծ մը կայ, ինչ որ յաճախ տատամսելու կը մղէ։ Ինչ կը վերաբերի ձեր տեսած երազներուն, անոնք կը բացայայտեն ձեր բաւական իրապաշտ ներաշխարհը։
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, վայրկեանը վայրկեանին ապրող անձ էք։ Շատ չէք մտածեր ապագային մասին, ծրագիրներ չէք մշակեր եւ քիչ մըն ալ ծուլանալու հակամէտ էք։ Ինչ կը վերաբերի երազներուն, անոնք ո՛չ մէկ ձեւով կ՛ազդեն ձեր վրայ, ո՛չ մէկ «պատգամ» կը փոխանցեն ձեզի։
—————————————————————————————————————————————————-
Աչքի Մարզանքներ
Ինչպէս մարմնի բոլոր մկանները, կարիքը ունին մարզանքի եւ հանգիստի, նոյնպէս ալ մեր աչքերը կարիքը ունին մարզանքի եւ հանգիստի։
Ձեր աչքերու յոգնութիւնը կամ տխուր նայուածքը փարատելու ամէնէն պարզ ձեւերէն են մատներու օգնութեամբ կարգ մը վարժութիւններ կատարելը։
– Ահաւասիկ՝ անոնցմէ երկուքը՝
ա. Ցուցամատները դնել աչքի արտաքին ծայրերը ու ճնշել, միաժամանակ՝ լայն բանալ կոպերը։ Համրել մինչեւ 10 ու փակել աչքերը՝ արձակելով մատները։
Այս մէկը կարելի է կատարել օրական 2 անգամ, իւրաքանչիւր անգամ նոյն վարժութիւնը կրկնելով 3-4 անգամ։
բ. Ցուցամատներն ու բութամատները դնել աչքերու արտաքին եւ ներքին ծայրերուն վրայ ու ճնշել, միաժամանակ՝ լայն բանալ աչքը ու վերի կոպը առաւելագոյն չափով վեր պահել։ Արձակել մատներն ու փակել աչքերը։
Այս մէկը օրական 1 անգամ, 20 կրկնութեամբ կարելի է կատարել։
Այսպէս, մատներու օգնութեամբ կարելի է զօրացնել աչքի կոպերը ու նպաստել արեան շրջագայութեան։
Վերոնշեալ վարժութիւնները կրնաք կատարել օրուան որեւէ ժամու, որեւէ վայրի մէջ, սակայն շօշափելի արդիւնքի հասնելու համար պէտք է ըլլաք հետեւողական։
—————————————————————————————————————————————————–
Կանկառ
Իւրօրինակ տեսքով այս բոյսին հայրենիքը Հիւսիսային Ափրիկէն է։ Անիկա հարուստ է փոթասիոմով, քալսիոմով, երկաթով եւ ծծումբով։ Տերեւները կը պարունակեն սինարին կոչուող նիւթը, որ կը նպաստէ մաղձի արտադրման եւ ունի լեղամուղ յատկութիւն։ Կանկառը թելադրելի է լեարդի հիւանդութիւն ունեցողներուն, յատկապէս ալքոլը չարաշահողներուն։ Անիկա կը բարձրացնէ սեռային աշխուժութիւնը, սերմնահեղուկի արտադրութիւնը, ունի միզամուղ յատկութիւն, կը նպաստէ քոլեսթերոլի քանակի նուազումին՝ արեան մէջ, կանխելով երակներու կարծրացումը։
————————————————————————————————————————————————–