ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱՊՀ երկիրներու հաւաքականը Օգոստոս 23ին նուաճեց Երեւանի մէջ աւարտած ճատրակի համահայկական առաջին ողիմպիականի ախոյեանի կոչումը։ Երեւանի խումբը նոյնպէս ապահոված էր 21 նիշ, բայց մրցակիցին զիջելով լրացուցիչ չափանիշներով եւ գրաւեցին 2րդ տեղը: Երրորդ տեղը գրաւեց Եւրոպայի հաւաքականը, որ շահեցաւ 19 նիշ եւ լրացուցիչ չափանիշներով անցաւ Հայաստանի հաւաքականին, որ նոյնպես շահած էր 19 նիշ:
Տղոց մրցաշարքին մէջ, 3 հոգի շահեցան 6.5ական նիշ: Լրացուցիչ չափանիշներով ախոյեան դարձաւ Ռուսիայէն Պօղոս Նահապետեան, 2րդ տեղը գրաւեց Տիգրան Պետրոսեան՝ Երեւանի խումբէն, 3րդ տեղը՝ Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան՝ Պրազիլէն:
Կանանց մրցաշարքին 5ական նիշ շահեցան Տիանա Յարութիւնովա՝ Ուքրանիայէն, 2րդ տեղը՝ Տաթեւ Աբրահամեան՝ ԱՄՆէն, 3րդ տեղը՝ Սիրանուշ Անդրէասեան Հայաստանէն:
ՀՀ ճատրակի դաշնութեան առաջին փոխնախագահ, ՀՀ ճատրակի ակադեմիայի տնօրէն Սմբատ Լպուտեան եւ ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Ստեփան Պետրոսեան մետալներ եւ շնորհակալագրեր յանձնեցին ախոյեաններուն եւ մրցանակակիրներուն, նշելով, որ Երեւանի մէջ հաւաքուած աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն հայ ճատրակի վարպետներուն համար կազմակերպուած մրցաշարքը անցաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.