ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 24ին, ընդունած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի նորանշանակ ներկայացուցիչ Տամթիւ Տեսալէյնի: Նախագահ Ս. Սարգսեան նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը եւ յանձնակատարի գրասենեակը շուրջ երկու տասնամեակ արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցին: Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ, չնայած կատարուած մեծ աշխատանքին, բազմաթիւ փախստականներ տակաւին կ՛ապրին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Հանրապետութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է փախստականներուն բնակարաններով ապահովելու գործին մէջ յանձնակատարի գրասենեակի եւ կառավարութեան միջեւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը:
Երկրի ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող փախստականներու խնդիրին: Նշելով, որ ՀՀ եւ ԼՂՀ փախստականներու խնդիրը երբեք չեն դարձուցած քաղաքական շահարկումներու առարկայ, Սերժ Սարգսեան մտահոգիչ համարած է փաստը, որ անոնք ընդգրկուած չեն ՄԱԿի՝ փախստականներուն աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.