ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիարպեքիրի մէջ, երկու օր տեւած Ժողովրդավարական հաւաքականութեան համագումարը, որ քրտանպաստ կեցուածք ունեցող քաղաքագէտներու ձեռնարկն էր, իր որոշումներուն մասին, Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ին մամուլին բացատրութիւններ տուաւ: Կազմակերպութեան նախագահ Ահմետ Թիւրք, որ արգիլեալ քրտամէտ քաղաքական կուսակցութեան մը նախկին ղեկավարն է, դիտել տուաւ, որ քրտական հարցի լուծման համար հարկաւոր է աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը կամ ինքնավար Քիւրտիստան մը մէջտեղ բերել:
«Ասիկա իրարմէ բաժնուելու ծրագիր մը չէ, այլ միասին ապրելու ծրագիր մը», ըսաւ ան:
Թիւրք յայտնեց որ համագումարը ընդհանրապէս գոհունակութեամբ ողջունած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ հրապարակուած հրադադարի միակողմանի որոշումը եւ շարունակեց. «Անգամ մը եւս կառավարութիւնը, պետութիւնը եւ բոլոր հանրային մարմինները կը հրաւիրենք դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, որպէսզի դարձեալ չփախցնենք այն առիթները, զորս անցեալին փախցուցինք. հողատարածքի բոլոր հասարակական կազմակերպութիւնները պէտք է ճնշում գործադրեն կառավարութեան վրայ եւ պահանջեն որ շինիչ քայլեր առնուին։ Պետական բոլոր խաւերը, իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն, քրտական հարցի լուծման համար բանակցութեան ու երկխօսութեան գործընթաց մը պէտք է հաստատեն։ Այս կարգէն, պէտք է ստեղծուին պայմաններ որպէսզի բանակցութիւններու գործընթացին մէջ իր տեղը ունենայ մեծայարգ Ապտուլլահ Օչալանը եւս։ Ժողովրդավարական նոր սահմանադութիւն մը պէտք է պատրաստուի, պէտք է ազատ արձակուին այն քիւրտ քաղաքագէտները, որոնք անիրաւ կերպով արգելափակուած են, պէտք է ջնջուի ընտրութեանց մէջ 10 առ հարիւր նուազագոյն քուէի ամբարտակը, պէտք է ջնջուին բոլոր հակաժողովրդավարական օրէնքները, ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.