ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլի վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հակառակ Մայիս 31ին տեղի ունեցած «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով ստեղծուած քաղաքական լարուած մթնոլորտին, Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի առեւտուրը 2010ի առաջին եօթ ամիսներուն ընթացքին բարձրացած է գրեթէ մէկ երրորդով։
Իսրայէլէն դէպի Թուրքիա արտածումները Յունուար-Յուլիս ամիսներուն 811.8 միլիոն տոլար արժողութեամբ եղած են, ինչ որ 32 առ հարիւրով աւելի բարձր է, քան 2009ի նոյն ժամանակահատուածի գումարը։ Թուրքիայէն Իսրայէլ ներածումները իրենց կարգին բարձրացած են 30 առ հարիւրով՝ հասնելով 1.04 միլիառ տոլարի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.