ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց մօտիկ «Տեպքա» կայքէջը, վկայակոչելով Իրանի զինուորական շրջանակներու մէջ իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Իրանեան յեղափոխութեան պահակագունդի սպայակոյտի պետ զօր. Մուհամմատ Ալի Ճաաֆարի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի դիմադրութեան բարձրագոյն զինուորական ներկայացուցիչներ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան գաղտնաբար Դամասկոս այցելած են։
Դամասկոսի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, քննելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ հաւանական յարձակումի մը պարագային համատեղ ռազմավարութիւնը։ Նոյն աղբիւրին համաձայն, հանդիպումը կայացած է Պուշեհրի մէջ Իրանի հիւլէական կայանի գործարկումէն քանի մը ժամ առաջ։
Օրակարգի վրայ եղած են յարձակումին պարագային Սուրիոյ եւ «Հըզպալլա»ի պատասխան-յարձակման ձեւաչափի քննարկումը, Թեհրանի ոչ ուղղակի պատասխանը՝ իսրայէլեան յարձակումին, իրանամէտ կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար «Հըզպալլա»ի կողմէ իսրայէլեան թիրախներու հասցուելիք հարուածներով, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի աջակցութիւնը՝ Ծոցի երկիրներուն մէջ իրանեան հիւլէական ծրագիրին դէմ ձեւաւորուած կեցուածքը փոխելու նպատակով:
«Տեպքա»ի աղբիւրներուն համաձայն, հրամանատարի դամասկոսեան այցելութիւնը ինքնին մեծ զարգացում մըն է. վերջին տարիներուն Ալի Ճաաֆարին շատ հազուադէպ կերպով լքած է Իրանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.