ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մէջ այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան» եւ Մարդու ազատութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէի ներկայացուցիչները փորձած են բողոքի ցոյց կատարել Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ։ Ցոյցը կազմակերպուած է բողոքելու համար Ռուսիա-Հայաստան ռազմական համագործակցութեան դէմ: Ցոյցը կանխուած է ոստիկանութեան կողմէ։ Այդուհանդերձ, մասնակիցները կրցած են կարդալ բանաձեւ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղեն Ռուսիան ճանչնալ իբրեւ «Ատրպէյճանի համար անբաղձալի պետութիւն» եւ դադրեցնել Ատրպէյճանի մէջ ռուսական դեսպանատան գործունէութիւնը։
Նշենք, որ Ուրբաթ օր Երեւանի մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր՝ Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի գործունէութեան ժամկէտը երկարաձգելու շուրջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.