ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ողջունելի շատ բան արձանագրուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին շաբաթ մը առաջ Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին։
Առաջին հերթին Ռուսաստանը հանդիսաւորապէս ու ցուցադրականօրէն աշխարհին հասկցուց, որ Հայաստանի հետ ռազմաքաղաքական իր համագործակցութիւնն ու դաշինքը ոչ միայն կը շարունակուին, այլեւ՝ աւելիով ամրապնդուելու եւ խորանալու հեռանկար ունին։ Նախ՝ 1995ին կնքուած համաձայնութեամբ Գիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի տեղակայման համար ճշդուած 25 տարուան ժամկէտը յաւելեալ 24 տարիով երկարաձգելու պայմանագիր ստորագրուեցաւ զինակից զոյգ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ։ Ապա՝ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը Օգոստոս 2010ին ոչ միայն վերահաստատեց Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան հասնելու իր յանձնառութիւնը, այլեւ՝ Արցախեան Հարցին զինուորական լուծում պարտադրելու ատրպեճանական որեւէ փորձի հատու պատասխան տալու իր վճռականութիւնը։
Երկրորդ եւ ոչ–նուազ կարեւոր մակարդակի վրայ, հայեւռուս ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան զարգացումին եւ Հայասպանութեան պատմական փաստի ճանաչման ու դատապարտման ուղղութիւններով, Ռուսաստանի նախագահը ամէն հնարաւորութիւն օգտագործեց, որպէսզի շեշտէ Հայաստանի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքին ամրապնդման պատմաբարոյական եւ հոգեմտաւոր հրամայականները։
Բնականաբար բոլորէն առաջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական այրերը ուշադիր հետեւեցան Ռուսաստանի նախագահին երեւանեան այցին եւ անոր փոխանցած ուղղակի թէ անուղղակի պատգամներուն։ Եւ այնքան ալ պատահական չէր, որ նոյն օրերուն Թուրքիոյ նախագահը այցելեց Պաքու եւ իւրովի վերանորոգեց Ատրպէյճանի հետ ռազմաքաղաքական զինակցութիւնը ամրապնդելու իր երկրին հաստատակամութիւնը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցները մինչեւ իսկ հաղորդեցին մեկնաբանութիւններ, որոնց համաձայն Թուրքիա ստանձնած է Նախիջեւանի տարածքին իր կարգին ռազմախարիսխ տեղաւորելու եւ ուժեղացնելու… յանձնառութիւնը։
Վրաստան եւս փութաց առիթէն օգտուելու եւ, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի անդրկովկասեան դիրքերու ամրապնդման իբրեւ հակադարձութիւն, հրապարակեց Ատրպէյճանի հետ համադաշնակցային կապեր հաստատելու սպառնալիք կարդացող յայտարարութիւններ…
Դժուար է համոզուիլ, որ առանց Արեւմուտքի ու մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու հետ համադրութեան կատարուեցան ինչպէս Վրաստանի, նոյնպէս եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ այսօրինակ հակազդեցութիւնները Հայաստան–Ռուսաստան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան նորագոյն ամրագրումին։ Մանաւանդ որ նոյնինքն Ռուսաստանը հետեւողականօրէն կը զգացնէ, թէ Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համադրած է Անդրկովկասի մէջ աշխուժացող իր շարժումները։ Այդ առումով դիպուկ էր Պաքուի մէջ Թուրքիոյ նախագահին կատարած պնդումը, թէ Ռուսաստան եւ Թուրքիա այլեւս նախկին հակադիր մրցակիցները չեն, այլ դարձած են տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար աշխատող գործակիցներ։
Միայն ժամանակը եւ դէպքերու հետագայ զարգացումը կրնան պարզել, թէ մեծապետական ուժերը ճիշդ ի՛նչ բեմագրութիւն ի գործ դրած են Անդրկովկասի համար։
Այս հանգրուանին պարզ ու յստակ է այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի եւ հայութեան դիտանկիւնէն՝ Ռուսաստան վերահաստատեց ու ամրապնդեց մեծ դաշնակիցի ու ռազմավարական պաշտպանի իր դիրքը։
Հայ քաղաքական միտքը դժգոհելու պատճառ չունի, անշո՛ւշտ, որ Ռուսաստանի նախագահին պաշտօնական վերջին այցը պսակուեցաւ Հայաստան–Ռուսաստան համագործակցութիւնն ու ռազմաքաղաքական, պատմական եւ հոգեմտաւոր կապերը խորացնող համաձայնութիւններու կնքումով։
Ընդհակառակն՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հիմնական շահերու պաշտպանութեան առումով միայն ապահովութեան երաշխիք կրնայ ըլլալ Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակիցի յանձնառութեանց վերահաստատումը։ Մանաւանդ որ այսօրուան Ռուսաստանը Արեւմուտքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան մէջ կը պատկերացնէ տարածաշրջանէն ներս իր վճռորոշ դերակատարութեան ամրագրումը, իսկ Հայաստանի եւ հայութեան համար գերակայ առաջնահերթութիւն է համախոհութեան եւ հաւասարակշռութեան պահպանումը Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ։
Աւելի՛ն. հայ քաղաքական միտքը մեր երկրի ու պետականութեան գալիքով լրջօրէն մտահոգուելու ամէն պատճառ կ՛ունենայ, երբ մէկ կողմէ երեւան կու գան Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ լարուածութիւն եւ հակադրութիւն առաջացնող գործօններ, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստան ինք խառն ազդանշաններ կու տայ անդրկովկասեան իր քաղաքականութեան նպատակակէտերուն վերաբերեալ։
Փաստօրէն խառն ազդանշաններէ զերծ չեղաւ Հայաստան–Ռուսաստան ռազմաքաղաքական դաշինքի ամրապնդման նորագոյն այս փուլը եւս, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ ռուս պետական մտածողութիւնը այնքան ալ միասնական չի թուիր ըլլալ նաեւ այս օրերուն։ Թերեւս սոսկ քաղաքական դէտերու «պարապ վախտի խաղալիք» են… նախագահ Մետվետեւի եւ վարչապետ Փութինի մօտեցումներուն տարբերութիւնն ու ներհակութիւնը լուսարձակի տակ առնող մեկնաբանութիւնները։ Անվիճելին ա՛յն է, որ Ռուսաստան ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր զիկզակներով կ՛առաջնայ Անդրկովկասի մէջ իր դիրքերը վերահաստատելու ճակատին վրայ։ Իսկ նման ետ ու առաջ շարժումներու պարագային, գինը կը վճարուի բնականաբար փոքր ածուին՝ Հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն հաշւոյն։
Այդ իմաստով ալ հիմնաւոր ու հասկնալի է մտավախութիւնը հայ քաղաքական մտքի այն թեւերուն, որոնք ի տես Հայաստան–Ռուսաստան ռազմաքաղաքական դաշինքի նորագոյն ամրագրման՝ չկրցան անցեալի փակուած էջ նկատել Հայաստանի եւ հայութեան յոյսը ի զուր Ռուսաստանին կապելու եւ յուսախաբ մնալու… ժառանգութիւնը։
21րդ դարուն եւ միաբեւեռ աշխարհակարգի այժմեան պայմաններուն մէջ, Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն պատճառ ունին, որպէսզի դարձեալ չպատժուին «Ռուսաց թագաւորին նամակ» գրած եւ օգնութիւն աղերսած ըլլալու իրենց… «յանցանք»ին համար։
Մանաւանդ՝ եթէ դարձեալ անպատասխան մնալու դատապարտուած է «Նամակ ռուսաց թագաւորին»ը…