ԴԻԼԻæԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Օգոստոս 18-22ի միջեւ, Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ամենամեայ համահայաստանեան բանակումը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Երեւանէն երկու հարիւր երիտասարդ: Մասնակիցներուն բաժնուած խումբեր կը կրէին «Բռունցք», «Պետօ», «Դուշման», «Հայդուկ», «Բեկոր» եւ այլ խորհրդանշական անուններ:
Բանակումին հրաւիրուած էին նաեւ ԱՄՆի արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, որոնք ազատ զրոյցի ծիրէն ներս համառօտ կերպով ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը Հայ Դատի եւ հայապահպահպանման ոլորտներուն մէջ:
Ծրագիրը կը ներառէր արշաւներ, մտային զարգացման եւ մարզական խաղեր, շտապ բժշկական օգնութեան դասընթացներ, երգի ուսուցում, խարուկահանդէս, դասախօսութիւն-քննարկումներ: Հինգ օրուան ընթացքին՝ բանակումին մասնակիցները հանդիպեցան Դաշնակցութեան հասարակական-քաղաքական գործիչներէն՝ Ալպէռ Աճէմեանի, Ռուզան Առաքէլեանի, Արա Նռանեանի, Արտաշէս Շահբազեանի, Սարգիս Մկրտչեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Տիգրան Ճինպաշեանի եւ ուրիշներու հետ, որոնք միասնաբար քննարկեցին «ՀՅԴն ազգային ժողովում», «ՀՀ ընկերային-տնտեսկան իրավիճակը եւ ՀՅԴի դիրքորոշումները» եւ այլ նիթեր:
Բանակումի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ քսանհինգ երիտասարդներու երդման արարողութիւնը, որմէ ետք անոնք համալրեցին Հայաստանի երիտասարդական միութեան շարքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.