ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան բաժiնի մանկաբարձ Լիլեա Գարիւնովա յայտնած է, թէ ընթացիկ տարուան առաջին եօթ ամիսներուն ծնած է 24,792 երեխայ, որոնց 11,742ը՝ Երեւանի մէջ: Ըստ անոր՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ հանրապետութեան մէջ ծնունդներուն թիւը աճած է 1049ով:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Հայաստանի մէջ 2008 Յուլիս 1էն սկսեալ ներդրած է ծննդական օգնութեան հաւաստագրերու համակարգը, որուն գործունէութեան հետ կապուած՝ պարբերաբար կ՛իրականացուին համակարգման աշխատանքներ՝ երեխայ սպասող մայրերուն իրազեկուածութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.