ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Oգոստոս 24ին, Երեւանի մէջ սկսած են հայ-ամերիկեան ռազմաբժշկական փորձերը, որ ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ նպատակ ունին բացայայտել եւ կիրառել ԱՄՆ կողմէ ՀՀ զինուած ուժերուն տրամադրուած «expedition» բժշկական արագ արձագանգման դաշտային հիւանդանոցային համակարգը:
Մինչեւ փորձերու սկսիլը ԱՄՆ հրահանգիչները դաշտային հիւանդանոցի հայկական անձնակազմին հետ Երեւանի մէջ իրականացուցած են երկամսեայ դասընթաց մը, որուն ընթացքին վերապատրաստուած է դաշտային հիւանդանոցի բժշկական եւ գիտարուեստական անձնակազմը:
Դասընթացներու եւ վարժանքներու հիմնական նպատակն է «expedition» բժշկական արագ արձագանգման դաշտային հիւանդանոցային համակարգը հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ անիկա կիրառելի ըլլայ Հայաստանի տարածքին մէջ կամ տարածքէն դուրս արտակարգ իրավիճակներու կամ խաղաղապահ առաքելութիւններու ընթացքին:
Փորձերուն, իբրեւ դիտորդ, մասնակցած են ԳԴՀ ռազմաբժշկական ծառայութեան ներկայացուցիչները: Անոնք աւարտած են Օգոստոս 26ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.