ՊՈԼԻՍ.- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներու հինգ ընտանիքներ յայտարարած են, թէ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի դէմ դատ բանալէ ետք, անյայտ անձերու կողմէ սպառնալիքներ ստացած են։
Սպաննուած զինուորներու ընտանիքները դատական գործընթացը սկսած էին, երբ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հրապարակած էր տեսանիւթ մը, որտեղ կ՛երեւէր, թէ անօդաչու հետախուզական օդանաւ մը ճշդած է քիւրտ զինեալներու յառաջխացքը՝ թրքական զօրամասի ուղղութեամբ, սակայն զանոնք զսպելու համար ուժեր չեն ղրկուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.