ՊԵԼԿՐԱՏ.- Սերպիոյ «Տանաշ» թերթը կը գրէ, թէ Սերպիա կ՛ակնկալէ, որ շարք մը երկիրներ՝ յատկապէս իսլամական, Սեպտեմբեր 9ին կայանալիք ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ընթացքին պաշտպանեն Քոսովոյի մասին բանաձեւին նկատմամաբ Սերպիոյ դիրքը, նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան նոյնիմաստ բանաձեւ մը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հարցով:
Սերպ դիւանագիտական աղբիւրներ թերթին յայտնած են, որ սերպ իշխանութիւնները կը գիտկացին, թէ Ատրպէյճանի բանաձեւին կողմ քուէարկող բոլոր երկիրները պիտի չքուէարկեն Սերպիոյ առաջարկած փաստաթուղթի ի նպաստ, սակայն լիայոյս են, որ այդ երկիրներէն ոմանք առնուազն ձեռնպահ կը մնան։
Քաղաքագիտութեան փրոֆեսէօր եւ Քոսովոյի հարցով բանակցող խմբակի նախկին անդամ Սլոպոտան Սամարճիչի կարծիքիով, Քոսովոյի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէպքերը նման են իրարու, որովհետեւ տուեալ պետութեան տարածքէն անջատուելու փորձ կը ներկայացնեն։ Ըստ անոր, երկու դէպքերու տարբերութիւնն այն է, որ Քոսովոյի անջատումը տեղի ունեցած է միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, սակայն Արցախի պարագային՝ այդպէս չէ եղած եւ ցարդ ոչ մէկ պետութիւն ճանչցած է անոր անկախութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.