Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա ամերիկեան վարչակազմի օժանդակութիւնը խնդրած է, մեղմացնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ հանդէպ անհասկացողութիւնը։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, ուր հանդիպում կ՛ունենայ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ, քննելով Իրանի հիւլէական ծրագիրը, Իրանի ներքին կացութիւնը, Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, Միջին Արեւելքը, Պալքանները, Աֆղանիստանի մէջ Թուրքիոյ հաւանական նախաձեռնութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու»ի յայտնած են, թէ Սինիրլիօղլու Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումները կ՛իյնան «քաղաքական ընթացիկ խորհդակցութեանց» ծիրին մէջ, եւ երկու երկիրները քննած են գործակցութիւնը բարելաւելու եւ ապագայի հարցերը յաղթահարելու միջոցառումները։
Դիւանագիտական աղբիւրները ըսած են, որ Թուրքիա մտադիր է ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի հինգ անդամները, Գերմանիան եւ Իրանը ի մի բերել։ Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քաթրին Աշթըն եւ Իրանի հիւլէական հարցով բանագնաց Սաաիտ Ճալիլիի միջեւ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Պոլսոյ կամ Նիւ Եորքի մէջ։
Թրքական կողմը Ուաշինկթընի մէջ այն տեսակէտը յայտնած է, թէ կողմնակալութիւն ընելու մտադրութիւն չունի, այլ օժանդակողի դերակատարութիւն կ՛ուզէ ստանձնել։
Դիւանագէտները նաեւ յայտնած են, թէ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ որդեգրուած միակողմանի պատժամիջոցները յարգելու պարտաւորութեան տակ չէ, այլ միայն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցներուն պայմանները պէտք է յարգէ։
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց, դիւանագիտական աղբիւրները յայտնած են, թէ թրքական կողմը բացատրած է, թէ Թուրքիա պահանջած է, որ Իսրայէլ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ իր կատարած յարձակումին համար ներում հայցէ, փոխհատուցում վճարէ։ Անոնք նշեցին, որ Իսրայէլ որքան շուտ Թուրքիոյ պահանջները կատարէ այդքան շուտ հարցը կը լուծուի, եւ ընդունած են, որ տագնապի լուծման ուշացումը ի վնաս երկու երկիրներուն է։
Կ՛ակնկալուի, որ «Ազատութեան նաւատորիղ»ի հարցով ՄԱԿի հետաքննիչ յանձնախումբը իր առաջին զեկուցումը ներկայացնէ Սեպտեմբեր 15էն առաջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.