ՊԷՅՐՈՒԹ.- Մինչեւ իր կեանքին վերջին պահերը ինքզինք ամբողջովին հայ գրականութեան եւ ստեղծագործութեան աշխարհին նուիրած, ապագայ սերունդներուն համար ներշնչման ուրոյն աղբիւր հանդիսացող արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակագիր, քննադատ Եդուարդ Պոյաճեան՝ Ուրբաթ, Օգոստոս 20ի երեկոյեան «վերակենդանացաւ» Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ՝ իր «երկար տարիներու բարեկամ, գործընկեր եւ գրականութեան անդաստանին մէջ միասնաբար ապրած ու գործած» Պօղոս Սնապեանի կողմէ, որ վերոնշեալ տողերով բնորոշեց Ե. Պոյաճեանը, ապա բացումը կատարեց անոր հարթաքանդակին։
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ իրականացած այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատեց օրուան բանախօսը՝ Պ. Սնապեան, որ դիտել տուաւ, թէ հարթաքանդակի ճամբով Ե. Պոյաճեանի ներկայութիւնը դպրոցին մէջ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ աշակերտներուն վրայ, որպէսզի անոնք եւս բանաստեղծ-արձակագիրին նման պեղեն իրենց ներաշխարհները եւ ստեղծագործական գոհարները յայտնաբերելով զանոնք նուիրեն հայ ազգին։
Հարթաքանդակի բացման հանդիսութիւնը վարեց Խաժակ Այնթապլեան, Եդուարդ Պոյաճեանի «Միտք Պահենք»ը ասմունքեց Ճոյս Գարակէօզեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.