ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուայի Փուշկինի անուան թանգարանին մէջ, Սեպտեմբեր 13ին պիտի ցուցադրուին հայ եւ ռուս աշխարհահռչակ նկարիչներու մօտ 120 կտաւներ:
Ըստ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեանի, ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին հայկական եւ ռուսական գեղանկարչութեան գլուխգործոցները:
«Այս ցուցահանդէսը կազմակերպելու համար մենք շուրջ երկու տարի աշխատել ենք. առհասարակ նմանատիպ մեծամասշտաբ ցուցահանդէսները հնարաւոր չէ մէկ օրում կազմակերպել, դա բաւական երկար ու բարդ գործընթաց է», նշած է Փ. Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ կը ներկայացուին Այվազովսքիի, Հովնաթանեանի, Սուրէնեանցի, Քանտինսկիի, Շակալի, Սարեանի եւ այլոց գլուխգործոցները: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մէկ ամիս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.