ԱԹԷՆՔ.- Երեքշաբթի, Օգոստոս 17ի երեկոյեան, ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան մեծ եւ միջակ տարիքի պատանիները առաջնորդուեցան բանակավայրին մօտ գտնուող Terra Vibe համերգներու յատկացուած վայրը, հանդիպում մը ունենալու ռոք երաժշտութեան մեկնաբան հայազգի Սերժ Թանքեանի հետ, նոյն օր կազմակերպուող իր համերգէն առաջ:
Յատկապէս դասաւորուած այս հանդիպումը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ պատանիներուն կողմէ, որ առիթը ունեցան մօտեն տեսնելու եւ զրուցելու իրենց սիրած երգիչին հետ:
Սերժ Թանքեան անմիջական եւ պարզ իր ոճով, խօսեցաւ, կատակեց տղոց հետ, գնահատեց Պատանեկան Միութեան աշխատանքները եւ իր մտածումները փոխանցեց պատանիներուն:
Հանդիպման աւարտին Վարիչ Մարմնի ընկերները Պատանեկան Միութեան հրատարակած հայկական բառերով «թապու» խաղը նուիրեցին համբաւաւոր երաժիշտին, իբրեւ յիշատակ իր հանդիպման՝ ՀՅԴ Յունաստանի պատանիներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.