Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի եւ համագործակցաբար հանգուցեալ Յարութիւն Գաբրիէլեանի ընտանիքին, մտերմիկ շրջապատով մը, Փետրուար 21, 2010ին նշուեցաւ մահուան տասնամեակը Համազգայնական ըկերոջ մը, որ իր կեանքին մինչեւ վերջին պահը, նուիրած էր հայ բեմին։
Եկեղեցական հոգեհանգստեան պաշտօնէ ու պատշաճ հոգեճաշէ մը ետք, ներկաները դիտեցին դրուագներ՝ յարգելի ընկերոջ բեմական կեանքէն։ Լուռ ունկնդրեցինք ու մտքով ուրտեղե՜ր գացինք։ Մանկութենէն հրապուրուած ըլլալով գրական աշխարհով, 18 տարեկանէն Համազգայինի ընտանիքին միացած էր ու Համազգայինի միջավայրը իբրեւ մեծագոյն դպրոց ընդունած ու ծառայած էր՝ հաւատարիմ մնալով գաղափարին։ Մշակոյթն ու արուեստը իբրեւ կեանքի միակ զէնքն ու զրահը պահած էր սրտին մօտ։
Յայտագիրին մաս կազմեցին ընկեր Յարութիւնի պաշտոնակից ու գաղափարակից բարեկամները։ Անոնցմէ էին բեմադրիչ Սեդրակ Պրոնզեանն ու Գրիգոր Սաթամեանը, որոնք իրենց կարգին արժեւորեցին ու յուշեր պատմեցին յանգուցեալին հետ ապրուած մտերմիկ պահերէն։
Խօսք առաւ նաեւ շրջանի «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յովիկ Սալիպա, որ յարգանքի խօսք մատուցեց Փասատինայի հայ կեդրոնին միշտ պատիւ ու որակ ներդրած ընկեոջ յիշատակին։ Մանկութեան ընկերը՝ արուեստագետ Արփիար Թանոյեան, առ ի երախտագիտութիւն՝ իր նկարչութիւններէն Թաթիոսի ու Բարթողոմիոսի պատկերնեըը նուիրեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ եւ Յովհաննէս Թումանեանի գունագեղ դիմանկարը նուիրեց Համազգայինի սենեակին։ Ինչպէս միշտ Յարութիւնի խնամիները Ճօ եւ Նուէր Սամուէլեաննրը իշխանական նուիրատութեամբ մը պատուեցին յիշատակը այն արժէքաւոր խնամիին, որ իր շնորհքը ու հոգին ժառանգած է արդէն իրենց թոռներուն։ Նոյնպէս Յարութիւնի մանչը Շահէն նուիրատուութեամբ մը պատուեց իր հօր յիշատակը։ Շահէին զաւակներէն Ճօն՝ երկարաշունչ ասմունքներով եւ Քրիսթինան սրտի խօսքով ու արցունքոտ աչքերով ներկաները յուզեցին։
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի ընկեր, ու Համազգայինի մեծ ընտանիքը կը խոստանայ հայապահպանումի աշխատանքները շարունակել ձեր ոտնահետքերով այնքան ատեն, որ ձեր նման նուիրեալներ օրինակ դառնան մեր գալիք սերունդներուն։
Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի ատենապետուհին Սոնա Յարութիւնեան բեմ հրաւիրելով ցուցատախտակով մը պատուեց հանգուցեալին տիկինը՝ Գոհարը, որ իր կարգին խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպող վարչութեան՝ ուր Րաֆֆի Հարպոյեան ֆիլմի ձայնադրութիւնը պատրաստած էր, իսկ վիտէօերիզը Համազգայինի շրջանայինի անդամ՝ Վիգէն Հապոյեանը մեծ հաճոյքով համադրած էր իր դերասան ընկերոջ կեանքն ու գործերը։
Փասատինայի Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը այսօր կը պատրաստուի ժողովուրդին հրամցնելու աժմէական թատրոն մը, որուն Կալա ելոյթը կը նուիրեն Յարութիւն Գաբրիէլեանի յիշատակին։
«Հայ Ըլլար Չէ՞ր Ըլլար«ը յաճախ անակնկալ դէպքերով զարգացող՝ երգիծական նորավէպ մըն է։ Այս անգամ բեմադրիչն է գաղութին հանրածանօթ՝ Զոհրապ Եագուպեանը։ Դերասանները՝ Յակոբ Տապպաղեան, Բէկի Ճինպաշեան, Նազօ Գիւրտօղլեան, Մեխակ Եագուպեան, Նայիրի Պէլեան, Վաչէ Մարգարեան եւ Տէնի Քէշիշեան։ Խումբը ժրաջանօրէն ամէն երեկոյ փորձերը կը շարունակէ Զոհրապի ցուցմունքներն ու իրենց փորձառութիւնները ի գործ դրած։
Կալա Ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 12, 2010, Փալատիօ շքեղ Սրահին մէջ, ժամը հինգէն սկսեալ։
Տոմսերու համար հեռաձայնել Մարալին՝ 626 818 3424, կամ Սոնային՝ 626 437 5232 թիւերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.