ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ, աւելի քան 100 հոգիի ներկայութեամբ, հանդիպուիմ մը տեղի ունեցաւ քաղաքի նոր ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզի հետ:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած սոյն հաւաքը քաղաքին հայութեան համար առիթ մը եղաւ ծանօթանալու նոր ոստիկանապետին:
Հանդիպումին ներկայ էին քաղաքին ՀԵԴի, ՀՄԸՄի, «Համազգային»ի, ՀՕՄԻ, ՀՅԴի, Տարեցներու միութեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, Փասատինայի հայ ոստիկաններու խորհրդակցական մարմինի անդամներ ու աւելի քան երկվեցեակ մը հայ գործարարներ, որոնք կարծիքներու փոխանակում մը ունեցան ոստիկնապետին հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.