ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սիրելի մուսալեռցի հայրենակիցներ,
Անցեալ տարի, «Ասպարէզ» թերթի Օգոստոսի վերջին օրերու թիւերէն մէկուն մէջ ներկայացուցինք Ալեքսանդրէթ Սանճաքի 30-40 հազար հայ եւ արաբ քրիստոնեաներուն 1939ի գաղթը, դէպի Լիբանան եւ Սուրիա, որոնց մէջ էին նաեւ Մուսա լերան վեց գիւղերու բնակչութիւնը, որ վերջնականապէս կայք կը հաստատէ ասպնջական Լիբանանի Պէքաա դաշտին մէջ, պատմական Խալքիս կոչուած աւերակներուն մօտ եւ գրութեան վերջաւորութեան ալ, տուած էինք մուսալեռցիներու թուական պատկերը:
Սիրելի հայրենակիցներ, այս տարի, Այնճար աւանին մէջ , Օգոստոս 6-22 օրերու ընթացքին, մեծ շուքով եւ հանդիսութիւններով տօնուեցաւ գիւղի հիմնադրութեան 70 եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95 ամեակները, նախագահութեամբ՝ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի, կատարուեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի պատմական Մուսա լեռ, պապենական օճախներ եւ պատմական սօսին. 150 ուխտաւորներ հիւրասիրուեցան տեղւոյն մուսալեռցիներուն կողմէ եւ վերադարձին, կրկին հանդիսութիւնները շարունակուեցան, որոնց ներկայ գտնուեցան Արամ Ա. կաթողիկոս, համայնքներու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Բիրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեան, պետական հայ երեսփոխաներ, Արցախի նախագահ՝ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած մուսալեռցիներ, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս իրենց մասնակցութիւնը բերին Յոբելինական մարմնին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ գաղութներուն մէջ գործող Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնները, ստանձնելով հանդիսութեան հովանաւորութիւնը:
Սիրելի մուսալեռցի հայրենակիցներ, երբեմնի փշապատ եւ ամայի 1939ի այդ տարածքները, շնորհիւ մեր ժողովուրդի ժրաջան բազուկներուն, այսօր դարձած են նախանձելի օդափոխութեան վայրեր, իր գեղեցիկ ճամբաներով, մրգառատ պարտէզներով, հիւրընկալ սրճարաններով, դպրոցներով, ակումբներով եւ եկեղեցիներով, որոնց գմբէթներէն բարձրացող կոչնակներուն ղօղանջը, կը տարածուի ոչ միայն աւանի, այլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, մուսալեռցիներուն աւետելու Այնճար աւանի հիմնադրութեան 70 եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95 ամեակները, միաժամանակ հրաւիրելով զանոնք միասնաբար վերակոչելու այդ նուիրական թուականները:
Սիրելի հայրենակիցներ, պահ մը ձգենք մեր եղբայրները, որ շրջին ու վայելեն Այնճարի բոլոր բարիքներն ու շարունակեն ուրախ կանչերով, տաուլ-զուռնայով, շուրջպարերով իրենց տօնակատարութիւնները եւ մեր նայուածքները երկարենք մինչեւ 1915, Յուլիսի եւ Օգոստոսի այն տխուր օրերը, ուր վեց գիւղերու մուսալեռցիները, յուսալքուած եւ անճրկած, փողոց իջած, մոռցած առօրեայ իրենց աշխատանքը, փրկութեան ելք մը կ՛որոնէին:
28 Յուլիս, 1914ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ազդանշանը տրուած էր արդէն, պատճառը՝ Աւստրիոյ գահաժառանգ՝ Ֆերտինանտի սպաննութիւնը, Սարայեւօ քաղաքին մէջ, սերպ ահաբեկիչ՝ Կաւրելիոսի ձեռքով. անմիջապէս կը կազմուին երկու զինակցութիւններ, որոնք չորս երկար տարիներ, մղուած իրենց հողային մոլուցքէն, կ՛ուզէին զիրար բնաջնջել, պատմութեան էջերուն արձանագրելով 10 միլիոն զոհ եւ 20 միլիոն վիրաւոր, քաղաքներու քանդում, համատարած ահ ու սարսափ: Պատերազմի չորս տարիներուն, հայ ժողովուրդը կ՛ենթարկուի հայոց պատմութեան ամենէն զարհուրելի աղէտին. թուրք կառավարութիւնը, որ 1911ին, գաղտնի ժողովի մը ընթացքին, որոշած էր հայ ժողովուրդին բնաջնջումի ծրագիրը, Համաշխարհային Ա. պատերազմը լաւագոյն առիթը համարած էր իրագործելու իր հրէշային ծրագիրը, որ երեք հանգրուաններով կը գործադրուի: Տարագրեալ հայերը, կարաւաններով կը քշուին դէպի արաբական անապատները, Ռագգա, Մասքէնէ, Ռաս Ուլ Այն եւ Տէր Զօր:
Ձգենք նաեւ եւրոպական երկիրները իրենց ճակատագրին եւ մեր նայուածքները ուղղենք Միջերկրական ծովուն հիւսիսարեւելեան ափին բարձրացող՝ Կսիոս եւ Մուսա եեռ լեռներու լանջերու խելագարուած բազմութեան, որ զգալով իրենց գոյութեան սպառնացող մօտալուտ վտանգը, ճար մը կը փնտռէին զայն շրջանցելու:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ճիշդ տարի մը անց, 28 Յուլիս, 1915ին, տարագրութեան լուրը կը հասնի Քեսապի եւ Գարատուրանի շրջաններու հայութեան, խոր մտահոգութեան եւ յուզումի մթնոլորտ մը ստեղծելով, որ կրակի արագութեամբ կը տարածուի նաեւ Մուսա Լերան վեց գիւղերուն մէջ: Ի՞նչ ընել, հարց կու տային իրարու, ձգել այս բոլորը, շէն տուներ, պտուղներով բեռնաւոր պարտէզներ, անկարելի բան, ես հոս, տունիս առջեւ, սարբինային ծածքին տակ, օղիին շիշին դիմաց նստած, «կը մեռնիմ, բայց չեմ հեռանար», կ՛ըսէ Դըլեան պապուկը, իսկ անդիէն քմծիծաղով մը, քիթին տակէն մրթմրթալով կը յարէ Տայենց Առաքելը. «Երբ վաղը տարագրութեան լուրը հասնի մեզի, այն ատեն կը խօսիմ հետդ, Դըլեան եղբայր», իսկ Գրիգոր պապուկը, որ իմաստուն եւ խելացի մարդու համբաւ կը վայելէր, կ՛ըսէ. «Տղաք, չլսեցի՞ք, անցեալ շաբաթ Զէյթուն քաղաքէն Եօղուն Օլուք հասեր է պատուելի Տիգրան Անդրէասեանը, ան այնպիսի բաներ տեսերէ եւ կը պատմէ, որ մարդուս մազերը փուշ-փուշ կ՛ըլլայ»:
Վեց գիւղերուն մէջ տարածուած էր արդէն, թէ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանը Զէյթունէն կը տարագրուի եւ հետը առած 40 հայ որբերը, Մարաշի որբանոց յանձնելէ ետք, իրեն կը հրահանգուի, որ ծննդավայր՝ Եօղուն Օլուք ապաստանի:
Խօսքը տանք վերապատուելիին. «Այնթապի մէջ մօտ երկու ամիս կէս փախստականի կեանք ապրելէ ետք, երբ 12 Յուլիս, 1915ին, ծննդավայրս՝ Եօղուն Օլուք հասայ, գտայ, որ ժողովուրդը ամիսներէ ի վեր տիրող քստմելի կացութեան եւ հոսկէ-հոնկէ հասնող զարհուրելի լուրերու ազդեցութեամբ՝ կասկածներու եւ մտավախութեանց մղձաւանջին տակը չարաչար կը տուայտի: Հայրենակից պատուելիի մը Զէյթունէն վերադարձի լուրը, նոր ցնցում մը պատճառեց: Հետաքրքիրներու խումբեր, ամէն օր կը խռնուէին իմ շուրջս. հազար ու մէկ հարցումներ կ՛ընէին ու պատասխաններ կը ստանային: Մէկ կողմէն տարագրուող ազգակիցներու սեւ բախտը կ՛ողբային անոնք, իսկ միւս կողմէն իրենց անստոյգ վիճակը կը լլկէր իրենց միտքերը»:
Ահա այսպիսի անորոշ վիճակի մէջ, 29 Յուլիսին, Եօղուն Օլուքի ծխատէր քահանայ՝ տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանի բնակարանին մէջ, պատմական ժողով մը կը գումարուի, այս անորոշ կացութիւնը շրջանցելու: Ժողովի հրաւէր կը ղրկուի վեց գիւղերու ազդեցիկ եւ երեւելի անձնաւորութիւններուն եւ աղաներուն:
Պիթիասէն կը մասնակցին՝ Մովսէս Րէնժիլեան, Գէորգ Շերպէթճեան եւ Պօղոս Ֆրէնկեան.
Հաճի-Հապիպլիէն՝ տէր Վարդան Վարդերեսեան, Գրիգոր Մարգարեան, Հաճի Խաչեր Մարտիրեան եւ Յովսէփ Տուտագլեան.
Եօղուն Օլուքէն՝ Տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեան, Ճապրա Գազանճեան, Մովսէս Տէր
Գալուստեան, Պետրոս Տէր Գալուստեան, Էլիաս Մասմանեան, Պետրոս Հերկելեան, Յակոբ Ադամեան, Պօղոս Գապայեան եւ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան:
Խըտըրպէյէն՝ Տիգրան Գարաճեան, Մելքոն Գույումճեան եւ Եսայի Աբրահամեան:
Վագըֆէն՝ Թովմաս Այնթապլեան եւ Յակոբ Գարակէօզեան:
Քէպուսիացիները ժողովի հրաւէրին չեն պատասխաներ եւ ներկայ չեն գտնուիր:
Փոթորկալի նիստէ մը ետք, առանց յստակ որոշում մը առնելու, ժողովականները կը ցրուին, որովհետեւ ժողովականներու մեծամասնութիւնը՝ «բոլորովին յիմարութիւն» կը սեպէին ապստամբութիւնը եւ խոհեմութիւն կը համարէին համակերպիլ կառավարութեան կարգադրութիւններուն, պատճառաբանելով, թէ չունէին բաւարար զէնք, զինամթերք եւ պարէնամթերք:
Կառավարութեան կոչին հնազանդիլ եւ անձնատուր ըլլալ կը պնդէին, Մովսէս Րէնճիլեան, պատուելի Յարութիւն Նուխուտեան, որ ժողովին ներկայ չէր, Գրիգոր Մարգարեան, տէր Աբրահամ, տէր Վարդան եւ Մելքոն Գույումճեան: Վերջին երեքը, երկու օր ետք կը փոխեն իրենց կարծիքը եւ կը միանան լեռ բարձրացողներուն: Ապստամբութեան, լեռ բարձրանալ եւ ինքնապաշտպանութեան տեսակէտը կը պաշտպանէին՝ Ճապրա Գազանճեան, Տիգրան Գարաճեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Էլիաս Մասմանեան, Թովմաս Այնթապլեան, Յակոբ Գարակէօզեան եւ ուրիշներ:
Պատմական այդ ժողովին, հարց կ՛ըլլայ նաեւ դիմել Անտիոքի թուրք աղաներուն եւ յաջորդ առաւօտ, Անտիոք կը մեկնին երեւելիներէն ոմանք, որոնք յուսահատ կը վերադառնան, որովհետեւ, նոյն օրը, 30 Յուլիսին, ժանտարմաներ վեց գիւղերը շրջելով, թռուցիկներով Անտիոքի գայիմագամին տարագրութեան հրամանը կը հաղորդէին:
Յուզումն ու իրարանցում կը պատէ բոլորին սրտերը. այս կացութիւնը աւելի կը փոթորկի, երբ Հալէպէն կը հասնին թրքական բանակէն փախչող մուսալեռցի զինուորներ, որոնք ականատես եղած էին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, տարագրեալներուն նկատմամբ տմարդի վերաբերումը քիւրտին ու արաբին:
31 Յուլիս եւ Օգոստոսի առաջին երկու օրերուն, Մուսա լերան հարաւային ստորոտները, ուշագրաւ եւ տարօրինակ տեսարան մը կը պարզէին. կրկին խօսքը տանք վերապատուելի Անդրէասեանին. «Ամէն մարդ դիտած է մրջիւնները, երբ անոնք կը շարուին իրարու ետեւէ, ծանր, երբեմն իրենց մարմինէն աւելի խոշոր բեռներով բեռնաւորուած: Այսպէս տողանցք մը կը կատարէր լերան բարձունքն ի վեր Եօղուն Օլուքի, Խըտըրպէյի, Վագըֆի եւ Ազիրի ժողովուրդին ամբողջութիւնը այդ օրերուն, կոյրեր, հիւանդներ, ու պառաւներ ալ միւսներուն հետ լեռն ի վեր կը մագլցէին, աւելի շիտակը կը սողոսկէին իրենց մեծ դժբախտութիւնը բեռցուցած: Կարելի չէ բառերով բացատրել այն անհուն թշուառութիւնն ու տառապանքը, որուն ենթարկուած էր հէք ժողովուրդը»:
2 Օգոստոսին, երեք գիւղերու ամբողջ բնակչութիւնը եւ Քէպուսիյէյէն 8-10 ընտանիք արդէն բարձրացած էին եւ տեղաւորուած լերան զանազան դիրքերուն վրայ, իսկ պիթիասցիներու եւ հաճի հապապլիցիներու մեծ մասը, դեռ գիւղերէն մեկնած չէին, միայն մէկ փոքր մասը լերան ճամբուն վրայ կը գտնուէր, ինչպէս կը գրէ պատուելին:
Ըստ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանին, Մուսա Լերան վեց գիւղերու բնակչութիւնը, 1915ին, հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր՝ 6311 անձ, որուն 4231ը լեռ կը բարձրանան, իսկ 2080ը կը տարագրուին կամ կը զինուորագրուին:
Սիրելի հայրենակիցներ, 4231 անձերը, յիսուն եւ աւելի օրեր, Մուսա լերան բարձունքին ենթարկուեցան ահաւոր չարչարանքներու եւ զրկանքներու, անոնք դիմադրեցին թշնամիին չորս յարձակումներու, ֆրանսական մարտանաւեր՝ «Կիշեն», «Տեսեքս», «Տեսթրէ», «Ամիրալ-Շարնէ» եւ «Ֆորտ» փոխադրեցին զիրենք Փոր Սայիտի քարանթինան. չորս տարիներ տապըլտկելէ ետք Սուէզի æրանցքի աւազներուն մէջ, կրկին Մուսա Տաղ, իսկ 1939ին՝ կրկին գաղթականութիւն, զրկանք եւ լաց ու կոծ:
Սիրելիներ, հերոսամարտէն անցեր են 95 եւ Այճար աւանի հիմնադրութենէն 70 տարիներ, մեր պապերուն արիւնով եւ քրտինքով շաղախուած յիշատակները, յուլիսեան եւ օգոստոսեան այս օրերուն, կը բախեն բոլորիս սրտերուն դռնակները, անոնք կը դառնան նուիրական եւ համագաղութային բնոյթ կը ստատան, իրենց շուրջ հախմբելով Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Սփիւռք, Այճարը վերածելով մուսալեռցիներուս մայրաքաղաք:
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան Հայրենակցական միութիւնը, հերոսամարտի 95 եւ Այնճար աւանի հիմնադրութեան 70 ամեակնեները, մեծ շուքով եւ հանդիսութեամբ պիտի տօնակատարէ, 4 եւ 5 Սեպտեմբեր, 2010ին. Շաբաթ երեկոյ՝ պար, երգ, տաուլ-զուռնայ, իսկ Կիրակի՝ պատարագ եւ մատաղօրհնէք:
Պատարագիչն է արժանապատիւ տէր Կոմիտաս քահանայ Փանոսեան, Գանատայէն, իսկ օրուան պատգամաբերը՝ Յովան Թաշճեան. սիրով կը հրաւիրուին բոլոր մուսալեռցիներն ու մուսալեռցիներուն բարեկամները:
Մեր յօդուածը «Ասպարէզ» ղրկելու ժամանակ, Այնճար աւանէն հետեւեալ տեղեկութիւնը ստացանք, թէ տօնակատարութիւններու ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան եւ Յոբելինական մարմինը, յատուկ գնահատագիրով կը պատուեն Այնճար աւանին մէջ երկար տարիներ ծառայած, շինարար եւ ծառայասէր հոգեւորական՝ արժանապատիւ տէր Նարեկ քահանայ Շրիգեանը:
Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնն ու մուսալեռցիները, կը շնորհաւորեն եւ առողջութեան լաւագոյն մաղթանքներ կը ցանկան բոլորիս սիրելի տէր Նարեկին:
I have never heard “AMIAG” as a separate word. When did it become one?