ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եւրասիա համագործակցութիւն» հիմնադրամը՝ Պոլսոյ «Կլոպալ Քաղաքական Միտումներ» կեդրոնի հետ միասին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան յատկացուցած միջոցներով, կազմակերպած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արդի մշակութային, պատմական, քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներու մասին դասախօսութիւններու շարք մը՝ հայ եւ թուրք լրագրողներու համար:
Թուրքիոյ վերաբերող դասախօսութիւներու շարքը կը սկսի Սեպտեմբեր 2ին Երեւանի մէջ: Առաջին դասախօսները պիտի ըլլան թուրք փորձագէտներ՝ Զաֆեր Եօրուքն ու Բեհլուլ Օզքանը, որոնց նիւթը վերնագրուած է՝ «Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան հիմունքները. իշխանութիւն, կուսակցական համակարգ»:
Սեպտեմբեր 2-5, 15 հայ լրատուական գործակալութիւններու, պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի, տպագիր եւ համացանցային մամուլի լրագրողներ պիտի ունկնդրեն թուրք փորձագէտներու կողմէ վարուող Թուրքիոյ նուիրուած տասը դասախօսութիւններ: Սեպտեմբեր 20-22, հայ փորձագէտներ Հեղինէ Մանասեան եւ Յովհաննէս Յովհաննիսեան պիտի մեկնին Պոլիս 15 թուրք լրագրողներու համար Հայաստանին նուիրուած նմանատիպ դասախօսութիւններ տալու նպատակով: Ամերիկեան միջոցներով ձեռնարկուած դասախօսական այս շարքերու նպատակն է խորացնել երկու երկիրներու լրագրողներու գիտութիւնը միւս երկրի մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.