ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Օգոստոս 26ին ընդունած է Միլանի հայ համայնքի գործօն անդամ Սարօ Խուդաւերդին ու անոր կինը՝ Սիրան Պորանեան: Ըստ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներուն՝ նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուցած է նախարարութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Հ. Յակոբեան անդրադարձած է Սփիւռքի ներուժի համախմբման նպատակով նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող համահայկական մասնագիտական համաժողովներուն, որոնց իբրեւ արդիւնք կը ստեղծուին համահայկական մասնագիտական ընկերակցութիւններ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են նաեւ Իտալիոյ, մասնաւորապէս Միլանի հայ համայնքին վերաբերող հարցեր:
Նախարար Հ. Յակոբեանի հրամանով՝ Սարօ Խուդաւերդի նշանակուած է Միլանի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.