
1976 թիւին, Սեպտեմբեր ամսուան մէջ Կիրակի օր մը, 36 հոգիներէ բաղկացած խումբ մը հայրենասէր եւ շինարար երիտասարդ պոլսահայեր, հանդիպում մը ունեցան East Los Angeles-ի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մամուլեան» սրահին մէջ եւ հիմը դրին Պոլսահայ Միութեան: Այս հանդիպման ընթացքին, ինը անձեր ընտրուեցան իբրեւ վարչութեան անդամներ, առաջնորդութեամբ հանգուցեալ Պերճ Մխճեանի եւ շրջապատուած ըլլալով անդամներ՝ Երուանդ Պալճըիի, Բրշ. Օննիկ սրկ. Ժալեանի, Աւետիս Թէքօլեանի, Կիւլպէնկ Մովսէսեանի, Սեդրակ Չիֆթճիեանի, Միրան Սասունեանի, Արամ Ամիրղանեանի եւ Մանուկ Եըլմազի: Այս հանգրուանին, սոյն միութեան գլխաւոր նպատակակէտն էր նեցուկ կանգնիլ եւ օգնել կարիքաւոր հայ աշակերտներու, որոնք վերջին տարիներուն գաղթած են Պոլիսէն: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վարդան Ա. քհնյ. Տիւլկէրեանի եւ Ծխական Խորհուրդի դրական մօտեցումն ու բարոյական աջակցութիւնը օգնեցին որ նորակազմ միութիւնը արագօրէն աճի եւ ընդլայնէ իր գործունէութիւնները: Արագօրէն մարզական յանձնախումբ մը կազմուեցաւ հայ մարզիկները իրար մօտ բերելու նպատակաւ:
1984ին, Ընդհանուր Ժողովի հաւանութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Դոկտ. Վահրամ Պիրճիքի, Միութիւնը կը դառնայ «տրազերծ», որուն հիման վրայ Պոլսահայ Միութիւնը պաշտօնականացուց իր կրթաթոշակի յանձնախումբը: Յաջորդ տարի, Երիտասարդաաց Յանձնախումբը կազմուեցաւ, որպէսզի երիտասարդները կարողանան կազմակերպել իրենց գործունէութիւնները աւելի լաւ ձեւով, Երիտասարդաց Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան համար մնայուն կեդրոնի մը խնդրանքը վաւերացուեցաւ Մայր Վարչութեան կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Յակոբ Գալֆայի: Վերջապէս, 1985ին երկրորդ յարկի վրայ եղող գրասենեակով շէնք մը ընտրուեցաւ իբրեւ միութեան նոր տունը: Անգամ մը որ Պոլսահայ Միութեան կեդրոնը տեղափոխուեցաւ San Fernando հովիտ, անդամագրութեան ալիք մը նկատառելի եղաւ եւ Պոլսահայ Միութեան գործունէութիւնները բազմապատկուեցան: Կազմուեցան Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան Սանուց միութիւնները իբրեւ ենթայանձնախումբեր Պոլսահայ Միութեան հովանիին տակ: «Շող» վեցամսեայ պարբերաթերթը եղաւ միութեան պաշտօնական հրատարակչութիւնը: Շուտով Պոլսահայ Միութիւնը գրաւեց շէնքին երկրորդ յարկը: Մինչ այդ՝ Մայր Վարչութիւնը ատենապետութեամբ Գրիգոր Սուրիի, սկսաւ փնտռել միութեան համար ծախու շէնք մը: Երկար արծարծումներէ եւ նիւթական արժեւորումներէ ետք, վարչութիւնը որոշեց, թէ յարմարագոյն տեղափոխումը այս գետնի վրայ պիտի ըլլար փոխադրուիլ կեդրոնապէս հաստատուած ճարտարարուեստական վայր մը, ուր ընդարձակ տարածութիւն մը կարելի ըլլայ վարձու առնուիլ չափաւոր վարձքով մը, պոլսահայ միութեան սրահի վերածելու համար այն:
1992ին, Sherman Way պողոտային վրայ մթերանոց մը վարձու առնուեցաւ: Երկու ամիսներու նորոգութենէ ետք, պոլսահայ միութիւնը տեղափոխուեցաւ այս աւելի ընդարձակ եւ երկյարկանի տունը, լրիւ փոքրիկ խոհանոցով, ժողովի սենեակներով եւ աւելի մեծ գլխաւոր սրահով: Տիկնանց Յանձնախումբը պաշտօնապէս կազմուեցաւ եւ Մշակութային Յանձնախումբը շուտով սկսաւ իր գործունէութիւններուն: Այս շրջանին՝ միութիւնը իր մշակութային զանազան ձեռնարկներով աւելի ուշագրաւ ձեւով սկսաւ ճանչցուիլ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին մէջ: Թղթագիրներ, բանաստեղծներ եւ գրագէտներ, Պոլիսէն հրաւիրուեցան այցելելու միութիւն՝ բանախօսելու եւ բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնները մեր անդամներուն հետ: Հայկական դպրոցներու միջեւ կազմակերպուեցան շարադրութեան մրցումներ, հայ գրականութիւնը յառաջացնելու մտօք՝ երիտասարդ հայորդիներու միջեւ: Քաղաքական եւ եկեղեցական առաջնորդներ յաճախ հանդիպումներ ունեցան Պոլսահայ Միութեան Մայր Վարչութեան անդամներուն հետ Լոս Անճելըս իրենց այցելութիւններուն ընթացքին: Յաջորդ տարիներուն, տոքթ. Արթօ Էրսան-Խաչերեանի ատենապետութեամբ, գործունէութիւնները աճեցան եւ միութիւնը եղաւ բարձրօրէն ամենագործօն միութիւնը Լոս Անճելըսի հայ համայնքին մէջ, նաեւ, «Ձայն» պարբերաթերթը եղաւ պաշտօնական հրատարակչութիւնը պոլսահայ միութեան:
Մինչ քսանմէկերորդ դարու մէջ էինք, Մայր Վարչութիւնը անգամ մը եւս տոքթ. Վահրամ Պիրիճիքի ատենապետութեամբ սկսաւ փնտռելու առիթ մը, շէնք մը գնելու համար: Վերջապէս, 2001ին, միութիւնը իւրացուց ներկայ շէնքը Լոս ԱնճելըսիWinnetka արուարձանին մէջ, իր հիմնադրութենէն 25 տարիներ յետոյ: Գնման գինն էր 820,000,000: Միութեան շէնքը ծախու առնուեցաւ առանց դուրսէն պարտքի գումար առնելու, այլ՝ գործածուելով կրթաթոշակի ֆոնտերուն տրամադրելի $155,000,00 գումարի աղբիւրները: Հարկ չկայ ըսելու թէ փոխ առնուած ֆոնտերը նուիրատուներուն կողմէ մէկդի դրուեցան կրթաթոշակի համար, ամենամօտիկ ժամանակին ետ վերադարձուելու մտօք: Շինարարութեան նորոգութեան պայմաններու վերաբերեալ աշխատող անձ մը նշանակուեցաւ եւ շուտով շէնքին կարգ մը փոքր բարելաւումներ կատարելէ ետք, 2002 թուին, Պոլսահայ Միութիւնը սկսաւ իր գործունէութիւններուն՝ իր նոր տան մէջ: Անգամ մը եւս նոր շրջան մը սկսաւ մեզի համար նոր վայրի մը մէջ, որ կոչուեցաւ մեր նոր տունը: Մինչ Հայաստանի ազդեցութիւնը սկսաւ աճիլ Սփիւռքի վրայ, միութեան անդամները կանխատեսութիւնը ունեցան ընդլայնելու Պոլսահայ միութեան ներառումներու գործելակերպի պայմանագրութիւնը աւելցնելով Hyeties
Յանձնախումբը միութեան յանձնախումբերու աղանձին, գործելով անոր հովանիին տակ: Hyeties Յանձնախումբի ընդմէջէն, որեւէ վայրերէ եկած հայեր կրնային անդամ ըլլալ եւ գործնապէս մասնակցիլ միութեան գործունէութիւններուն: Այն ժամանակ՝ Պոլսահայ Միութիւնը ընդլայնեց իր գործունէութիւնները թէ՛ մշակութային եւ թէ մարզական գետիններու վրայ, հրաւիրելով բազմաթիւ անհատներ Հայաստանէն եւ Պոլիսէն, արուեստագետներ, երաժիշտներ եւ գեղանկարիչներ՝ ցուցահանդէսներու եւ դասախօսութիւններու համար: Հայ եւ թուրք փրոֆեսէօրներ ու մտաւորականներ, որոնք հրաւիրուեցան նաեւ բանախօսութիւններ եւ արծարծումներ կատարելու, բերելու համար յաւելեալ իրատեսութիւն՝ Հայ Դատին նկատմամբ:
2004ին, նորակազմ Մայր Վարչութիւնը, Սիմոն Աճիօղլուի ատենապետութեամբ, միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որոշեց միւս կազմակերպութիւններուն կողքին, մասնակցիլ Ապրիլ 24ի Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման արարողութեանց, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ: Դարձեալ, նորակազմ վարչութիւնը, իր երիտասարդ անդամներով, որոշեց նաեւ յանձն առնել վերոյիշեալ ծախու առնուած շէնքին լրիւ վերանորոգման աշխատանքը, զայն վերածելու համար մշակութային եւ ընկերային կեդրոնի մը: Այս ուղղութեամբ կազմուեցաւ շէնքի շինարարութեան պատասխանատու յանձնախումբ մը ատենապետութեամբ Սարօ Մարուքեանի: Յուլիս 15, 2005 Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը բարձր ներկայութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Հոգեւորականաց դասու, քաղաքական ու կրթական բարերարներու ինչպէս նաեւ Պոլսահայ Միութեան անդամներու, համակիր եւ բարեկամներու: Արարողութեանց շարականները երգուեցան Խաչատուրեան Դպրաց դասի եւ Կոմիտաս երգչախումբի մաս մը անդամներու կողմէ:
Շինարարութեան ընթացքին, միութիւնը առժամաբար իր գրասենեակը տեղափոխեց Van Nuys-ի Ս. Պետրոս Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած սենեակի մը մէջ՝ հաւանութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Շնորհք Ա. քհնյ. Տեմիրճեանի եւ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին:
Միութեան նոր կեդրոնի շինարարութեան աշխատանքներուն իրենց աջակցութիւնը բերին մայր վարչութեան անդամները անխտիր, մասնաւորապէս Սիմոն Աճիլաչօղլու եւ Սարօ Մարուքեան, որոնց ջանքերով է որ մէջտեղ եկաւ այսօրուան գեղեցիկ եւ հոյակապ համալիրը: Իսկ միութեան արդի խոհանոցի կազմութեան աշխատանքի իր բաժինը ունեցաւ Յակոբ Հալըճը, օգնութեամբ՝ Մայր Վարչութեան անդամներուն: Հարկ չկայ ըսելու, թէ այս իրագործումը իրականութիւն չէր դառնար եւ բնաւ չէր կրնար նիւթականացուիլ առանց միութեան անդամ ու անդամուհիներու եւ համակիրներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն՝ մասնաւորաբար տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Մարիամ Ագբուլաթի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած դրամահաւաքի ճաշկերոյթին ընթացքին:
– Այսպիսով, միութեան կալուածը ծախու առնուելէ ինը տարիներ ետք եւ շինարարութեան սկսելէ հինգ տարիներ յետոյ, Բարձր նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի թեմակալ առաջնորդներու եւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանի Հոգեւորականաց դասուն եւ Պոլսահայ Միութեան վարչական անդամներու մասնակցութեամբ, նորակառոյց շէնքը պաշտօնապէս իր դռները պիտի բանայ հանրութեան դիմաց:
Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 12, 2010ի կէսօրէն վերջ ժամը ՃԻՇԴ 2:30ին եւ կեդրոնը բաց պիտի մնայ մինչեւ ժամը 7:
Հասցէ՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306
Այս նոր շրջանին, Պոլսահայ Միութեան գլխաւոր նպատակակէտերը եւ առարկայակէտերը կը մնան հետեւեալները.
– Պահպանել Հայկական ժառանգականութիւնն ու մշակոյթը իր գրական, կրթական, մարզական եւ այլ բարեսիրական միջոցներով:
– Հայթայթել կրթաթոշակներ, հայ ծագում ունեցող աշակերտներու եւ քաջալերել անոնց բարձրագոյն ուսումը:
– Քաջալերել Հայ երիտասարդներու մարզական արժանիքը:
– Հայթայթել օգնութիւն Հայ ընտանիքներու, ուսանողներու եւ անհատներու, ուղղութեան, նիւթական օգնութեան, գործի ապահովման եւ լեզուներու ծառայութեանց ծրագիրներու մարզերուն մէջ:
– Քաջալերել եւ յառաջացնել Հայ գրականութեան ծաղկումը Հայերէն եւ Անգլերէն հրատարակութիւններու ճամբով:
Այսօր՝ Պոլսահայ Միութեան Խնամակալ Մարմնի Վարչութեան եւ Մայր Վարչութեան կողքին, հետեւեալ Յանձնախումբերը կը գործեն միութեան հովանիին ներքեւ. Տիկնանց Յանձնախումբը, Մշակութային Յանձնախումբը, Էսայեան, Կեդրոնական եւ Մխիթարեան Սանուց Միութիւնները, Hyeties Յանձնախումբը, Մարզական Յանձնախումբը եւ նորակազմ Փոքրերու Ակումբը:
Ներկայիս, Պոլսահայ Միութիւնը ունի մօտաւորապէս 1000 անդամ: Միութիւնը կը քաջալերէ եւ կը հրաւիրէ բոլոր հայերը անդամագրուելու, չնայած իրենց ծագումին, յառաջացնելու եւ աճեցնելու համար Հայ մշակոյթն ու ժառանգականութիւնը:
Պոլսահայ Միութեան առաքելութիւնը յարատեւ յառաջացման եւ յաջողութեան ընթացքին մէջ է: Մենք կ՛ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել մեր բոլոր անցեալի եւ ներկայ անդամներուն իրենց օժանդակութեան եւ ծառայութեան համար Միութեան հանդէպ, որ անցնող երեսունչորս տարիներու յաջողութիւնը կարելի դարձուցին:
Այսօր, ինչպէս միշտ, մենք բաց թեւերով բարի գալուստ կը մաղթենք նորեկ անդամներուն, որոնք կը փափաքին միանալ մեր առաքելութեան: Այս նոր Կեդրոնը վայր մըն է, ուր բոլորս կրնանք զայն կոչել «Տուն», «Մեր Տունը», «Հայ Տուն»:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք սոյն շէնքի կառուցման ձեր աջակցութեան համար եւ կը հրաւիրենք բոլորդ օգնելու մեզ, զայն դարձնելու համար վայր մը, կոչուած՝ «ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ» ոչ միայն մեր կողմէ, այլ՝ նաեւ ապագայի բոլոր սերունդներուն կողմէ:
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ԲԱՑՄԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ