ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Այս տարի Հայաստանի դպրոցներուն առաջին դասարանի աշակերտներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 37,039ի, որ ըստ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի, սարսափելի թիւ է:
«Վերջին 20 տարուան ընթացքում մեր վիճակագրութիւնը վկայում է, որ հէնց այս տարի են քիչ յաճախելու դպրոց: Միւս տարի իրավիճակը փոքր ինչ կը շտկուի, քանի որ վերջապէս կը ձեւաւորենք 12ամեայ լիարժէք կրթութիւն», ընդգծած է նախարարը, Օգոստոս 30ին Երեւանի աւելի քան 200 դպրոցներու տնօրէններու հետ հանդիպման ընթացքին, աւելցնելով. «Դա կը բերի բազում այլ խնդիրներ՝ դպրոցների պահպանման խնդիրներ, համապատասխան ֆինանսների վերանայում, դասագրքերի թանկացում, աշխատուժի աւելցուկ… Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ կրթական համակարգն անցնցում անցնի»:
Մինչ այդ, Արմէն Աշոտեան այցելած էր ՀՀ մարզերը ու տեղւոյն վրայ ծանօթացած էր ոլորտի խնդիրներուն: Տնօրէնները նախարարին ներկայացուցած են զիրենք յուզող հարցերը, որոնք յատկապէս կը վերաբերին ուսուցիչներու որակեալ վերապատրաստման եւ ռուսաց դպրոցներու աւագ դասարաններու խնդիրներուն:
Անդրադառնալով ուսուցիչի երդման արարողութեան՝ նախարար Աշոտեան յայտնած է, թէ երդում կու տան տարբեր մասնագիտութեան տէր մարդիկ, նոյնիսկ Հայաստանի նախագահը. «Երդումն այն մարդկանց համար է, որոնք իրենց խօսքի արժէքը գիտեն: Մեր մանկավարժական անձնակազմում շատ շատերը երդում տալով եւս մէկ անգամ կը վերահաստատեն, որ կրթութիւնը առաքելութիւն է»:
Նոյն առթիւ, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ Երեւանի բոլոր դպրոցները պատրաստ են նոր ուսումնական տարուան, իսկ տնօրէնները կը ստանան վերջին յանձնարարականները. «Քաղաքապետարանը պէտք է հետեւողական լինի իւրաքանչիւր դպրոցի տնօրէնի, ուսուցչի կարգապահութեան եւ մանկավարժական մակարդակի բարձրացման նկատմամբ», նշած է Գ. Բեգլարեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.