Սեպտեմբեր 19ին, Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ պատարագը, որ նախապէս ծրագրուած էր տեղի ունենալ մէկ շաբաթ առաջ՝ Սեպտեմբեր 12ին, եւ որ Թուրքիոյ մէջ նոյն օրը տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէի պատճառով եօթը օրով յետաձգուած էր, պիտի կայանայ:
Պիտի կայանայ, սակայն, առանց Սուրբ Խաչի գմբէթին վրայ խաչ ունենալու: Պատրուակը՝ թրքական տեղական իշխանութիւնները իրենց տրամադրութեան տակ չունին այնպիսի գործիքներ, որոնք կրնան երկու հարիւր քիլոկրամ կշռող խաչը ժամանակին տեղաւորել գմբէթին վրայ:
Միջազգային հանրութեան իբրեւ հանդուրժողականութեան ու ժողովրդավարական սկզբունքներու հանդէպ նախանձախնդրութեան ապացոյց դառնալու կոչուած այս ձեռնարկին հանդէպ Թուրքիոյ կեդրոնական իշխանութեան անփութութիւնը անհասկնալի է:
Արդարեւ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, վստահաբար, ունէր իր տրամադրութեան տակ միջոցներ՝ Սուրբ խաչը ժամանակին տեղաւորելու գմբէթին վրայ, ու կրնար օգնել տեղական իշխանութիւններուն, որ աւարտեն այդ բաժինը, եթէ անշուշտ ծրագրուած բացթողում մը չէր ասիկա:
Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, առաջին հերթին Պոլսոյ պատրիարքարանը պէտք է ինք նախաձեռնէր պատարագի յետաձգման պահանջքին՝ մինչեւ խաչին տեղադրումը եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Հասկնալի է, որ պատրիարքարանը եւ թրքահայ համայնքը մեծ պատրաստութիւններ տեսած են, եւ շատ դժուար պիտի ըլլայ իրենց յետաձգելու մասին նոյնիսկ մտածելը:
Առանց խաչով գմբէթի մը տակ պատարագին ներկայ չըլլալու ամէն հիմք ունին Սուրբ Էջմիածինն ու Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, որոնք Վան պատուիրակներ ուղարկելու մտադրութիւն արտայայտած էին:
Ցաւալի է, անշուշտ, որ հայ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը այս խիստ զգայուն հարցին վերաբերեալ միասնական դիրքորոշում մշակելու նեղութիւնը չքաշեց:
Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կտրուկ կերպով մերժեց իր միաբանութենէն ոեւէ հոգեւորական ուղարկել Վան, մինչ Էջմիածինն ու Երուսաղէմը, թէկուզ ոչ բարձր հանգամանքով՝ որոշեցին իրենց ներկայացուցիչները ունենալ Աղթամարի եկեղեցիին մէջ:
Մեր համոզումով մէկ ու միասնական դիրքորոշում չցուցաբերելով այս հարցին վերաբերեալ՝ հայոց եկեղեցւոյ ղեկավարները առաջին հերթին շուքի մատնեցին ազգային մեր կարեւորագոյն այս կառոյցը, ապա եւ հնարաւորութիւն տուին թրքական իշխանութեանց գլուխ հանելու իրենց առաջադրած թատերախաղը:
Հիմա, որ կը հրապարակուի Սուրբ Խաչին գմբէթը պատարագին օրը առանց խաչի մնալու հաւանականութիւնը, Էջմիածինն ու Երուսաղէմը առիթ ունին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց որոշումը եւ յայտարարելու, որ նման պայմաններու տակ չեն կրնար ներկայ ըլլալ Աղթամարի արարողութեան:
Մենք կը դիմենք Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին եւ Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանին, որ օգտուին այս պատեհութենէն ու վերանային իրենց որոշումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.