ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3ին կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի ամերիկեան համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Մարք Քըրք խստօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի պայմաններու նորագոյն խախտումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որուն հետեւանքով, առնուազն երկու հոգի սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ:
Յարձակումը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 19րդ տարեդարձի նախօրեակին: Նաեւ Յունիս 18ին տեղի ունեցած նման այլ յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուած էին հինգ զինուորներ:
«Նման յարձակումներու շարունակութիւնը պէտք չէ արտօնուի: Յարձակումը կը դատապարտեմ ամենախիստ կերպով», յայտարարած է Մարք Քըրք, միաժամանակ կրկնելով, թէ նման յարձակումներ կ՛արդարացնեն իր այն կոչերը, թէ՝ Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները պէտք է սահմանափակուին:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ նման յարձակումներ խստօրէն չդատապարտելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կեցուածքը քաջալերական կը նկատուի Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ, որոնք իրենց արարքներով կրնան ձախողութեան մատնել խաղաղութեան գործընթացը:
Փալոն եւ Քըրք Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 19րդ տարեդարձին առիթով նաեւ շնորհաւորական նամակ մը յղած են Արցախի իշխանութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.