ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. պատարագին պատրաստութեանց համար Վան այցելած Արամ սրբազանը յայտարարած է, թէ Սեպտեմբեր 19ի պատարագէն առաջ եկեղեցիին վրայ խաչ պիտի չզետեղուի։
Թրքական «Տողան» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ այդպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արամ արք. Աթէշեան, որ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին, Թաթուլ Ծ. վարդապետին հետ միասին Վան մեկնած էր, տեղւոյն վրայ նախաքննութիւններ կատարելու նպատակով։ Արամ սրբազան Վանի մէջ հանդիպում մը ունեցեր է նահանգապետ Միւնիր Գարաօղլուի հետ եւ մօտաւորապէս ժամ մը տեւած հանդիպման աւարտին, մամուլին ըսեր է. «Հանդիպման ընթացքին տեղեկացանք, որ թէքնիք հարցերու պատճառով անկարելի պիտի ըլլայ մինչեւ պատարագի արարողութիւնը խաչը զետեղել եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ։ Նահանգապետը նշած է, թէ 200 քիլոկրամ կշռող խաչը զետեղելը բաւական դժուար գործ է։
Սրբազան հայրը աւելցուցած է, որ խաչը, այնուամենայնիւ, եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ պիտի զետեղուի պատարագէն ետք, իսկ մինչ այդ, պիտի ցուցադրուի եկեղեցւոյ բոլոր այցելուներուն։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս տարուան Մայիսին պաշտօնապէս արտօնած էին, որ խաչ զետեղուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ։ Մինչեւ վերջերս պարբերաբար յայտարարութիւններ կ՛ըլլային, թէ խաչը պիտի զետեղուէր մինչեւ Սեպտեմբեր 19։
Յիշեցնենք նաեւ, որ 2007ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքները վերջացնելէ ետք, Մեսրոպ պատրիարք պաշտօնապէս դիմած էր իշխանութիւններուն՝ եկեղեցւոյ վրայ խաչ զետեղելու խնդրանքով։ Այդ նպատակով պատրիարքը յատուկ խաչ մը պատուիրած եւ զայն ղրկած էր Վան՝ յոյս ունենալով, որ օր մը թրքական իշխանութիւնները կ՛ընդառաջեն իր դիմումին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.