ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլի մէջ հրատարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, Թուրքիայէն Իսրայէլ գաղթող հրեաներուն թիւը մօտաւորապէս 11 առ հարիւրի բարձրացած է։ «Թուրք գաղթականներու միութեան» քարտուղար Ժաք Ապուրսի Իսրայէլի մէջ հրատարակուող «Ետիօթ Ահարոնոթ» թերթին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ բնակող 17 հազար հրեաներէն 85 հոգի այս տարուան առաջին կիսուն Իսրայէլ գաղթած է։ Թուրքիայէն Իսրայէլ գաղթողներուն թիւը անցեալ տարի 153 եղած էր։ Ապուրսի ըսաւ, որ այս շարունակական գաղթին պատճառը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Թուրքիոյ մէջ հրեաներու դէմ հետզհետէ աւելի սաստկացող զգացումները։
Իսրայէլի մէջ պաշտօնատարներ եւ գործարարներ կ՛ընդունին, թէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները խանգարուած են։ Վաճառական 54ամեայ Նեսիմ Եոխայի, որ իր ընտանիքին հետ անցեալ Ուրբաթ Իսրայէլ գաղթեց, բաւական խիստ խօսեելով կ՛ըսէ. «Թուրքիոյ մէջ մարդիկ այլեւս հրեաներու խանութներէն առուտուր չեն ըներ: Կը կարծեմ, որ հինգ տարի վերջ Թուրքիոյ մէջ մէկ հատ իսկ հրեայ պիտի չմնայ»։
Պոլսոյ մէջ բնակող ուրիշ հրեայ մը, որ չէ ուզած հրապարակել իր անունը, ըսած է. «Փողոցներու մէջ քաղաքական մթնոլորտը զգալի է. իբրեւ հրեայ՝ դժուարութիւններ կը կրենք. մենք Թուրքիան շատ կը սիրենք, բայց այսպիսի վախի մթնոլորտի մը մէջ չենք կրնար երկար ապրիլ»։
Ուրիշ հրեայ մը, որ նմանապէս անունը տալ չէ ուզած, չինական լրատու գործակալութեան մը յայտնած է, որ Թուրքիա բնակող հրեաները սկսած են բնակարան գնել Իսրայէլի մէջ։
Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին, 18 երկիրներէ 8565 հրեաներ գաղթած են Իսրայէլ։ Ցանկին գլուխը կու գայ Ռուսիա, ուրկէ Իսրայէլ գաղթողներուն թիւը 1927 է։ Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներ, ուրկէ գաղթած է 1497 հրեայ։
Հրեայ գաղթականներուն օժանդակող «Հրէական գործակալութիւն» կազմակերպութեան բանբեր Միքայէլ Եանգելովիչ «Միլլիյէթ» թերթի աշխատակցին յայտնած է. «Թուրքիայէն Իսրայէլ գաղթող հրեաներ միշտ եղած են։ Կատարուած գաղթերը կապ չունին ո՛չ Տաւոսի, ոչ ալ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ կատարուած յարձակումին հետ։ Կարելի չէ ըսել, որ քաղաքական վերջին անցուդարձերէն ետք գաղթողներու թիւը ուշագրաւ կերպով բարձրացած է։ Անոնք, որոնք Իսրայէլ կը գաղթեն, Իսրայէլի մէջ հրէական ոճով կեանք ապրիլ ուզողներն են. ասոնք Իսրայէլ կ՛երթան ո՛չ թէ անոր համար, որ Թուրքիոյ մէջ ճնշում կը տեսնեն։ Եկողներուն մենք չենք հարցներ, թէ ինչու եկած են: Սակայն կարելի է ըսել, որ Թուրքիայէ Իսրայէլ գաղթողներուն թիւին մէջ նկատելի բարձրացում մը չկայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.