ՊԵԹԵՍՏԱ, (Մերիլենտ).- Ըստ Մերիլենտի Հայ Դատի յանձնախումին, Մերիլենտի Նահանգային խորհրդարանի թեկնածու Հրանդ Ժամկոչեան վերջերս ապահովեց «aՈւաշինկթըն Փոսթ»ի բաղձալի նեցուկը՝ Մերիլենտի 16րդ ընտրատարածքի դեմոկրատական խիստ վիճելի նախընտրական արշաւին մէջ:
«11 թեկնածուներու ընդարձակ դաշտին վրայ, լաւագոյն թեկնածուն Հրանդ Ժամկոչեանն է՝ տպաւորիչ կերպով խելացի, առողջապահական հարցերու քաղաքականութեան մասնագէտ մը, որ կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ», նշած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը, որ անցեալ շաբաթ հրապարակեց ցանկը այն թեկնածուներուն, որոնց նեցուկ կը կանգնի:
Հրանդ Ժամկոչեան, իր կարգին, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի նեցուկ կանգնելուն իրողութիւնը բացատրեց ըսելով. «Հսկայ օժանդակութիւն մըն է անիկա եւ՝ մղիչ ուժ մը… անգնահատելի թուղթի կտոր մը, որ հայթայթեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հետաքրքրութիւնը»: Ան աւելցուց ըսելով, որ ամէնէն կարեւոր նեցուկը պիտի գայ Սեպտեմբեր 14ի նախընտրական եւ Նոյեմբեր 2ի ընդհանուր ընտրութիւններուն, 16րդ ընտրատարածքի ընտրողներէն:
Ընտրութիւններուն նահանգի եւ երկրի հասարակական քաղաքականութեան մէջ 15 տարուան իր փորձառութիւնը բերելով՝ Ժամկոչեան կեդրոնացած է կրթութեան, կենսոլորտի եւ տնտեսութեան ոլորտներուն վրայ՝ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով առողջապահական բարեփոխումները:
Ժամկոչեան եղած է գործօն եւ աշխոյժ անդամ Մոնթկոմըրի Քաունթիի հայկական համայնքէն ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.