ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Հենրի Ուեքսմընի հետ՝ քննելով ամերիկահայութիւնը մտահոգող շարք մը հարցեր:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող եւ Հայաստանի տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու մասին բանաձեւերու նեցուկ կանգնած քոնկրեսականը անգամ մը եւս խոստացած է մօտէն հետեւիլ հայութիւնը յուզող հարցերուն, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն 95 տարի ետք իսկ, զայն ուրանալու արշաւը կը շարունակուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Քննարկումին ընթացքին սեղանին վրայ դրուած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ հայկական պատմական կոթողները բնաջնջելու հարցը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.